ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց պատանեկան հաւաքականը Յորդանանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Յորդանանի միջազգային մրցաշարքին, որուն աւարտին տիրացաւ ախոյեանութեան, աւարտական մրցումին 50-41 արդիւնքով պարտութեան մատնելով հիւրընկալ երկիրին հաւաքականը: Սուրիոյ կազմը առաջին փուլին 49-20 արդիւնքով յաղթեց Իրաքին: Աւելցենք, որ Սուրիոյ հաւաքականին մաս կազմեց ՀԵԸ-ի պասքեթի խաղացող Արմիկ Պօշկէզէնեան:
– Հալէպի պասքեթի տղոց երիտասարդական մրցաշարքի աւարտին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը գրաւեց Հալէպի երկրորդ դիրքը՝ աւարտական մրցումին 59-52 արդիւնքով պարտութեան մատնուելով Հուրիէի կազմէն: Նախքան աւարտական մրցում հասնիլը, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Իթթիհատը 78-56, Սքաքին 77-61 արդիւնքով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ԱՐՑԱԽԻ ԴՐՕՇԸ ԾԱԾԱՆԵՑԱՒ ՏԻՒՏԵԼԱՆԺ-ՔԱՐԱՊԱԽ ՄՐՑՈՒՄԻՆ 
Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի լիկայի երկրորդ-երրորդ փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ, հիւրընկալ Տիւտելանժ խումբին մրցակիցը դարձաւ Ատրպէյճանի Քարապախ խումբը: Երկրորդ կիսախաղին դաշտին մէջ գտնուող ժողովուրդը ականատես դարձաւ անօդաչու սարքով մարզադաշտ իջած Արցախի Հանրապետութեան դրօշին: Այս մէկը պատճառ դարձաւ, որ ազերի խումբին կազմն ու իր համակիրները սաստիկ զայրանան, որուն հետեւանքով դաշտին մէջ տեղի ունեցան բախումներ: Սոյն դէպքին տեսերիզը, ինչպէս նաեւ կատարող երիտասարդներու նկարը նոյն օրը տարածուեցաւ Դիմատետրի էջերուն վրայ: Յիշենք, որ ազերի խումբին պատասխանատուները բողոքի նամակ մը ուղեցին ՈՒԵՖԱ-ին:
ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ՎԵՐՍԿՍԱՒ ՄԱՐԶՈՒԻԼ 
Ողոմպիական ախոյեան, Եւրոպայի քառեակի եւ աշխարհի եռակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան վերսկսաւ կատարել իր մարզումները: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին Instagram-ի իր էջին վրայ արձանագրած է Արթուրին մարզիչը: Շաբաթներ առաջ աշխարհի ախոյեանութեան եզրափակիչէն առաջ կողոսկրները վնասելով կիւմրեցի ըմբիշը չմասնակցեցաւ մենամարտին: «Արմէնփրէս»ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ողոմպիական ախոյեանին հայրը եւ անձնական մարզիչ Գէորգ Ալեքսանեանը յիշած էին, որ Արթուրին վնասուածքը այնքան ալ մտահոգիչ չէր: Աւելցնենք, որ Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյանութեան 97 քկ. ծանրութեան կարգին, Արթուր Ալեքսանեան արժանացաւ փոխախոյեանի կոչումին եւ ստացաւ 2020-ի Թոքիոյի մէջ կայանալիք ողոմպիական մարզախաղերու ուղեգիր:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ԱԴԱՄԵԱՆԻ ՄԻՋՈՑՈՎ ՀՈՖԵՆՀԱՅՄ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ՊԱՅԵՐՆ ՄԻՈՒՆԻԽԸ
Գերմանիոյ ֆութպոլի Պունտէսլիկայի 7-րդ փուլի մրցումներուն ընթացքին արձանագրուեցաւ ամենամեծ անակնկալը, երբ աղիւսակի առաջին հորիզոնականը գրաւող, վերջին տարիներու բազմակի ախոյեան Պայերն Միունիխ 2-1 արդիւնքով զիջեցաւ Հոֆենհայմ խումբին: Հանդիպումի հերոս դարձաւ Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Սարգիս Ադամեան, որուն նշանակած երկու կոլերով յաղթանակը վայելեց Հոֆենհայմը, իսկ մրցակիցին միակ հարուածը արձանագրեց Ռոպէրթ Լիվանտոովէսքին: Հոֆենհայմը այս յաղթանակին շնորհիւ վաստկեց 8 կէտ եւ երեք աստիճան բարձրանալով գրաւեց աղիւսակին 11-րդ դիրքը: Պայէրնի կազմը կրեց այս տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, բայց մնաց առաջին հորիզոնականին վրայ, ընկերակցելով ՌԲ Լայպցիկին եւ Ֆրայպուրկին: Յիշեցնենք, որ Սարգիս Ադամեան Հոֆենհայմին միացաւ այս ամրան փոխադրաշրջանին: Ան նախապէս մաս կը կազմէր Գերմանիոյ Բ. դասակարգի Եան Ռեգենսպուրկ խումբին:
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ԿՐԵՑ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ 
Անգլիոյ առաջնութեան 8-րդ փուլին, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին սեփական իր մարզադաշտին վրայ կրեց անակնկալ պարտութիւն մը զիջելով Վուլվերհեմփթոնին 2-0 ադիւնքով: քաթալոնացի մարզիչ Խոսեպ Կուարտիոլայի մարզիկները չկրցան ներկայանալ իրենց սովորական խաղարկութեամբ եւ արձանագրեցին անսպասելի արդիւնք մը: Հիւրերը կոլերը նշանակեցին հանդիպման 80-րդ եւ յաւելուած ժամանակաշրջանին: Զոյգ կոլերուն հեղինակը դարձաւ սպանացի Ադամա Տրաորենը: Մանչեսթըր Սիթին ունի 16 կէտ եւ առաջատար Լիվերփուլէն ետ է արդէն 8 կէտերու տարբերութեամբ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան