Այս օրերուն յաճախ կը խօսուի մամլոյ ազատութեան կարեւորութեան մասին։ Եւ պէ՛տք է խօսուի. կարելի չէ ստորագնահատել մամուլի դերը ժողովրդավարութեան իրացման ու պահպանման մէջ։

Պէտք է խօսուի մանաւանդ, երբ իշխանութիւններ եւ իշխանաւորներ, յատկապէս բռնապետական կամ սակաւապետական ընկերութիւններու մէջ, կը գործեն սանձարձակ՝ առանց հակակշռող որեւէ ուժի։ Նոյնը կը տեսնենք նաեւ այսպէս կոչուած ազա՜տ, ժողովրդավար աշխարհի պարագային, ինչպէս ԱՄՆ-ի, ուր այսօր մամլոյ ներկայացուցիչները կ՚ենթարկուին նուաստացումի, վարկաբեկումի, նոյնիսկ հալածանքի, երբ հաճոյ չեն թուիր երկիրը կառավարողներուն։

Վերջերս նոյնիսկ Գանատայի մէջ արծարծուեցաւ մամուլի կողմէ ձեռք ձգուած տեղեկութեան աղբիւրներու ինքնութիւնը գաղտնի պահելու հարցը, որ քննուեցաւ Գերագոյն դատարանին կողմէ։ Այս կապակցութեամբ Le Devoir օրաթերթի 4 դեկտեմբեր 2018-ի թիւին մէջ թերթին աշխատակիցը՝ Pierre Trudel իր «Droit du public à l’information» յօդուածին մէջ կը գրէր. «Մամլոյ ազատութիւնը անհատներու արտայայտուելու իրաւունքէն աւելի՛ն կը պաշտպանէ։ Ան կ՚երաշխաւորէ լրատուներու իրաւասութիւնը տեղեկութիւնը հաւաքելու եւ զայն հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու»։ Թէեւ դատարանը 4-ի դէմ 5 ձայներով որոշ սահմանափակում մը կը բերէր այս առնչութեամբ ներկայացուած հարցի պարագային (որուն մանրամասնութիւններուն անդրադառնալու կարիքը չկայ այստեղ), տարակարծիք չորս դատաւորները կը հաստատէին, որ Սահմանադրութեան կողմէ երաշխաւորուած՝ արտայայտութեան ազատութիւնները կը վերաբերին ճշմարտութեան որոնման եւ ժողովրդավարական որոշումներու կայացման մասնակցութեան իրաւունքին։  Այդ ազատութիւնները կը պաշտպանեն թէ՛ անձը, որ կ՚արտայայտուի, եւ թէ՛ ան, որ զինք կը կարդայ կամ կը լսէ։

Սակայն նոր չէ, որ մամլոյ ազատութեան հարցը կ՚արծարծուի։ Մոնթրէալի նոյն այդ օրաթերթը 10-11 նոյեմբեր շաթավերջի թիւին մէջ, իմաստասիրական հարցերու նուիրուած իր ամսական էջը՝ Le Devoir de philo, յատկացուցած էր Simon Pelletier-ի «L’heure est à la défense d’une presse libre» («Ժամն է ազատ մամուլի մը պաշտպանութեան») յօդուածին, որով երիտասարդ գրողը կը վկայակոչէր լրագրող եւ քաղաքական դէմք հանդիսացած  Charles Comte-ի (1782-1837) մտածումները՝ որպէս հակազդեցութիւն ԱՄՆ-ի մէջ ներկայիս իշխանութիւններուն կողմէ մամուլի դէմ կատարուող ցեխարձակումներուն եւ «սուտ լուրեր» տարածելու զրպարտութիւններուն։ Շեշտելով կարեւորութիւնը պետական ամեն կաշկանդումէ զերծ ազատ մամուլին, Գոմթ կը գրէր աւելի քան 200 տարի առաջ, թէ «Մամլոյ ազատութիւնը մեր քաղաքական գոյութեան համար այնքան անհրաժեշտ է, որքան օդն է անհրաժեշտ կեանքին համար»։ Ուստի, կ՚ըսէր ան, իշխանութեան ներկայացուցիչները չէ՛, որ մամուլին վրայ հսկողութիւն պիտի բանեցնեն (կամ դատեն զայն), այլ մամուլն է, որ պիտի հսկէ (կամ դատէ) քաղաքական դէմքերը։ Մամուլի միջոցաւ է, որ հանրութիւնը պիտի տեղեկանայ, թէ այս վերջինները որքա՛ն հաւատարիմ կը մնան իրենց տուած նախընտրական խոստումներուն, նոյնիսկ ընկերութեան բարքերուն, քաղաքացիները անոնց մօտ որքա՛ն պիտի տեսնեն իրենց տեսակէտներուն եւ մտահոգութիւններուն արձագանգն ու պաշտպանութիւնը։ Իր դերը ճիշտ կատարող մամուլն է, որ ցոյց պիտի տայ իւրաքանչիւր քաղաքացիի, թէ իր անհատական գոյութիւնը առնչուած է ընկերութեան վիճակին՝  իր ամբողջութեա՛նը մէջ։ Անտարբերութեան եւ ինքնամփոփուածութեան դէմ, որ կը նպաստէ կամայական իշխանութեան, մամուլը կը հակադրէ «հանրային գոյութիւն մը» , կը հրաւիրէ ընթերցողները որ զբաղին հասարակաց շահով ու մասնակից ըլլան հանրային կարծիքի ձեւաւորման՝ ազդելու համար քաղաքական որոշումներուն վրայ։

Այսօր, սակայն, հարցերը այնքան պարզ ու յստակ չեն մամլոյ ազատութեան ոլորտին մէջ։ Միայն իշխանութիւններն ու իշխանաւորները չեն, որ ոտնձգութիւններ կը կատարեն։ Ատիկա գուցէ տակաւին պարագան է ինքնակալական միջոցներով կառավարուող երկիրներուն, սակայն այսպէս կոչուած ժողովրդավար աշխարհի մէջ ալ քիչ չեն խանգարիչ ազդակները, եւ վստահաբար աւելի վտանգաւոր են, քանի որ խանգարողներու բուն նպատակները, բացի սեփական շահերէ, կը մնան անյայտ։ Գլխաւորաբար մեծ դրամագլուխն է, որ կը փորձէ մամուլի դերակատարները շարժող թելերը իր ձեռքերուն մէջ պահել։ Այսօր մեծագոյն թերթերէն շատերը, ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի ամենէն լայն հասողութիւնը ունեցող կայանները եւ արդի ընկերային առցանց լրատուները կը պատկանին այդ մեծ դրամագլուխի ներկայացուցիչներուն։ Որքան ալ, որ անոնք երդում-պատառ ըլլան, թէ իրենք խմբագրութիւններուն վրայ ազդելու փորձ չեն ըներ, գիտենք, թէ իրենց նշանակած անձնակազմերով ուղղակի կամ անուղղակի ազդեցութիւն կը յաջողին բանեցնել։ Անոնք կուսակցութիւններ չեն ներկայացներ, սակայն յստակօրէն այս կամ այն կուսակցութեան համակրութիւնը ունին։ Ինչ որ վատ բան մը չէ, այնքան ատեն, որ կրնան հակակշռել զիրար։ Սակայն ողբերգութիւնը հոն է, որ այդ կուսակցութիւնները իրապէս իրարու հակադրուող գաղափարաբանութիւններով չէ, որ կ՚առաջնորդուին, այլ աւելի յաճախ իրարու հակադրուող անձնաւորութիւններով։ Տակաւին անշուշտ կայ նաեւ մեծ դրամագլուխին կողմէ այդ կուսակցութիւններուն վրայ իսկ բանեցուող ճնշումը կամ տիրապետումը, որ ժողովրդավարութիւնը  կը վերածէ զաւեշտախաղի մը։ Բայց արդէն կը մտնենք այլ, թէեւ սերտօրէն առնչուած հարցերու մէջ։

Իսկ ի՞նչ է մե՛ր իրականութիւնը։

Կ՚արժէ առանձնաբար անդրադառնալ յաջորդիւ։

Վրէժ-Արմէն

 «Հորիզոն», 2019-01-28 (2065)