Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի վերջին տարիներու քաղաքական եւ զինուորական զարգացումները ցոյց տուին, որ անկախ պետութիւններու ինքնիշխան գոյութիւնը վտանգող, յետադիմական գաղափարներով ծաւալապաշտ քաղաքականութիւն վարող, միջազգային օրէնքները, դիւանագիտական աշխատանքը, ժողովրդավարութեան չափանիշները արհամարհելով բռնի ուժով կամք պարտադրող կողմերը ուշ կամ կանուխ պիտի դատապարտուին ձախողութեան: Անոնք ժամանակաւոր յաղթանակներ ձեռք ձգեն անգամ, պիտի չկարենան երկար ժամանակի վրայ պահել այդ ձեռքբերումները, եթէ հզօր բանակին կողքին չունին միջազգային վարկ, քաղաքական յարաբերութիւններու արդիական ոճ՝ իրենց խօսքն ու միտքը քաղաքակիրթ ոճով հասանելի դարձնելու աշխարհին:
Հարաւային Կովկասի գլխաւոր թնճուկին՝ արցախեան հարցին լուծման ուղղուած հայկական կողմին քայլերը հեռու են սպառնալիքներու յետադիմական ու ապարդիւն ոճէն:
Եթէ Ատրպէյճան կը ջանայ խուլ ձեւանալ ազգերու ինքնորոշման, ազատութեան եւ անկախութեան իրաւունքներուն դիմաց եւ իր ներքին ապաժողովրդավար հասարակարգը գերին դարձնել իր սպառնալիքներու խաղաքարտին, երբ Ատրպէյճան արհամարհելով միջազգային, քաղաքական դէմքերու ազատ դիրքորոշումի իրաւունքը, սեւ ցանկի մէջ կը ներառէ Արցախ այցելող կարկառուն քաղաքական դէմքեր, հայկական կողմը ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ կը գործէ ու իր քաղաքակիրթ դիմագիծը կը պարզէ փաստօրէն:
Արցախի պետականաշինութեան շարունակուող աշխատանքը եւ ժողովրդավարութեան նուաճումները անոր իրաւունքներուն պաշտպանութեան կը ծառայեն: Ուստի Արցախի տարաբնոյթ գործընթացներուն միջազգային հանրութիւնը տեղեակ պահելու եւ ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը իմաստազրկելու աշխատանքը մեծ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Արցախի ի նպաստ միջազգային կարծիքի ձեւաւորման մէջ:
Այս իրողութիւնը կը վկայէ միջազգային քաղաքական, մշակութային, տեղեկատուական կարկառուն դէմքերուն այցելութիւնը Արցախ, մասնակցելու ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կազմակերպած «Համագործակցութիւն Յանուն Արդարութեան եւ Խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու քառօրեայ համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ:
Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ, իմաստազուրկ դարձան Արցախը մեկուսացնելու ատրպէյճանական փորձերը:
Միւս կողմէ, միջազգային դէմքեր Արցախի պետականաշինութեան, ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման եւ ժողովրդավարութեան յառաջընթացին ծանօթանալով հաստատեցին, որ Արցախ հաւատարիմ է միջազգային արժեհամակարգին եւ կը ձգտի արդարութեան ու տարածաշրջանի խաղաղութեան:
 Արցախի բարեկամներու միջազգային ցանցի՝ «Փրօ Արցախ»ի ստեղծումը ինքնին դրական ոստում մըն է Արցախն ու անոր իրաւունքները ծանօթացնելու ողջ աշխարհին, միջազգային հարթակի վրայ Արցախի մասին իրազեկման մակարդակը բարձրացնելու, անոր ժողովուրդին օրինական շահերը պաշտպանելու եւ միջազգային գործընթացներու մէջ Արցախի ներգրաւումը ապահովելու իմաստով:
ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Հայ Դատի աշխարհասփիւռ գրասենեակներուն, ՀՀ եւ Արցախի դիւանագիտական տարիներու ջանքերուն հետեւանքով է, որ միջազգային դէմքեր յանդըգնութիւնն ու հետաքրքրութիւնը կ՛ունենան գալու Արցախ: Անոնք ահաւասիկ այս անգամ արդիւնաւէտ կապեր կը հաստատեն Արցախի խորհրդարանին հետ, գործակցութեան եզրեր կը սահմանեն ու մաս կը կազմեն Արցախի բարեկամներու ցանցին:
Միջազգային քաղաքական դէմքեր Արցախ գալով յստակօրէն կը տեսնեն վերջապէս, թէ ազատ ինքնորոշման իրաւունք ձեռք բերած ազգ մը, երկու տասնամեակ անց միայն, ինչպիսի նուաճումներ արձանագրած է եւ ինչպէս ամրագրած է իր կապերը միջազգային օրէնքներուն, մարդու իրաւունքներու սկզբունքներուն հետ՝ խաղաղութեան ձգտելով:
Սա ապացոյցն է ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին արդիւնաւէտութեան, ի դէմս պատերազմներու կամ սպառնալիքներու լեզուով խօսող քաղաքական գործիչներուն եւ անոնց երկրին մէջ ժողովրդավարութեան սրընթաց անկումին:
Այս տարբերութիւնը, իրականութեան մէջ, զինուորական գետնի վրայ արձանագրուած յաղթանակներուն չափ կարեւոր է:
 Անկախութենէն առաջ եւ վերջ: Արցախի Հանրապետութեան նուաճած այս տարբերութիւնն է, որ պէտք է իմանայ միջազգային ընտանիքը: «Փրօ Արցախ» հարթակը եւ անոր ստեղծելիք միջազգային զօրակցութեան ցանցը անկիւնադարձ կը համարուին ե՛ւ քարոզչական, ե՛ւ միջազգային հաստատութիւններու հետ Արցախի գործակցութեան եզրերու որոնման իմաստներով:
Նման հարթակներէն առաւելագոյնս օգտուելու համար անհրաժեշտ է Արցախի եւ Հայաստանի պետական կողմեր-կուսակցութիւններ գործակցութիւնը:
ՀՅԴ քարոզչական մարմիններն ու Հայ Դատի գրասենեակները այդ գործակցութիւնը կամրջող օղակներ հանդիսացած են տարիներ շարունակ: Այդ կամուրջները կարեւոր են նման ցանցեր Արցախին ու Հայաստանին ծառայեցնելու համար:
Այդ կամուրջներն են նաեւ, որոնք պիտի նպաստեն Արցախի վերաբնակեցման աշխուժացման, յատկապէս Միջին Արեւելքի տագնապալի վիճակին հետեւանքով գաղթող հայ ընտանիքներուն հայեացքը ուղղելով դէպի Արցախ:
«Գ.»