«Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Քաղաքաշինութեան Նախարարութեան շինարարութեան վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ, ճարտարագիտական հսկիչ Լեւոն Յարոյեան կը յայտնէ, որ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնի համայնքէն ներս ընթացքի մէջ է «Արի» ներդրումային հիմնադրամի եւ Արցախի կառավարութեան միջեւ կնքուած պայմանագիրով 12 նոր բնակելի տուներու շինարարութիւնը:
Անոր խօսքին համաձայն, տուները պիտի ըլլան միատեսակ: Հիմնականօրէն անոնց տանիքը ամբողջութեամբ պիտի հաւաքուի մետաղական կարկասներէն: «Կը նախատեսուի Աղաւնիի մէջ առաջին անգամ կառուցել 12 հաւաքովի տուներ, որոնք ժամանակակից, նորարարական նախագիծերով թեթեւ շինութիւններ են: Բացի այս բոլորէն, տուները պիտի կառուցուին կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Արդէն որոշուած են տան հիմքերու տեղերը», աւելցուցած է Լ. Յարոյեան: