«Ասպարէզ».- Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 296 բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Կաս Պիլիրաքիս 18 Հոկտեմբեր թուակիր նամակով մը դիմեցին իրենց պաշտօնակիցներուն, որ անյապաղ վաւերացնեն բանաձեւը՝ շեշտելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Քոնկրեսին շարունակուող լռութիւնը առիթ պիտի տայ նման ոճիրներու կրկնութեան։

Քոնկրեսականները իբրեւ օրինակ կը բերեն այս օրերուն Սուրիոյ հիւսիսը քիւրտերուն դէմ սկսած զինուորական գործողութիւնը, որ կ՛իրականցուի Թուրքիոյ բանակին եւ անոր զինակից ծայրայեղական վարձկաններուն կողմէ։

Շիֆ եւ Պիլիրաքիս կ՛աւելցնեն, որ Ուաշինկթըն պէտք է վերջ դնէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան իր ցուցաբերած մեղսակցութեան՝ բան մը, որ խոտոր կը համեմատի Միացեալ Նահանգներու բարոյական արժէքներուն հետ։

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ողջունեց քոնկրեսականներուն այս քայլը: