Կիրակի,  3 Նոյեմբերին, Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեան, ինչպէս նաեւ տեղւոյն պետական աւագանիէն անդամներ իրենց ներկայութիւնը բերին Սիտնիի Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն ներս Սիտնիի Հայ Աւետարանչական եկեղեցւոյ  եւ Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան  կողմէ հովանաւորուող Կիրակնօրեայ պաշտամունքին: Օրուան պատգամաբերն էր Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան: Համայնքապետը Կլատիս Պերեճիքլեանին նուիրեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը խորհրդանշող յուշանուէր:

Յետ պաշտամունքին, կողմերը հանդիպում ունեցան: Հանդիպումի ընթացքին Վեր.Յարութիւն Սելիմեան սուրիահայութեան մասին համապարփակ կերպով զեկոյց տուաւ, խնդրելով, որ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն հետեւանքով Աւստրալիա գաղթած հայ ընտանիքներուն գործի եւ կենցաղային այլազան կարիքներու ապահովման համար աջակցութիւն ցուցաբերուի: Վարչապետը բարձր գնահատեց սուրիահայ համայնքին  բերած ներդրումը սուրիահայ ժողովուրդին բարօր կեանք ապահովելու ի խնդիր: Այնուհետեւ անոնք իրենց երախտագիտութիւն ու ուրախութիւն յայտնեցին Քոնկրեսի Ներկայացուցիջներու պալատէն ներս  Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին հետեւողական աշխատանքներով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին առնչութեամբ, ապա Համայնքապետ Վերապատուելին մաղթեց, որ գալիք օրերուն Աւստրալիոյ մէջ ալ նոյնպիսի նուաճումներ արձանագրուին: