Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2019-ի միջօրէին, Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան, միութիւններու եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ողջ հայ գաղութին հետ մասնակցեցաւ վախճանեալ Ժողովրդապետ Տ. Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեանի Թաղմանական կարգին։

Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Գամիշլիի բոլոր քրիստոնեայ համայնքապետները։

ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու փողերախումբը իրենց յագանքի տուրքը մատուցեցին եւ իրենց կարգին մասնակցեցան Թաղմանական կարգին։