«Ազատ Օր».-Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր եւ ՀՅԴ Ար­ցա­խի Կեդրո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Դաւիթ Իշ­խա­նեան, 5 եւ 6 Նոյեմբեր 2019-ին, Ա­թէնք գտնո­ւե­ցաւ եւ ու­նե­ցաւ շարք մը հան­դի­պում­ներ յունա­հայ գաղութի կա­ռոյց­նե­րու պատասխանատուներուն հետ։

Ե­րեք­շաբ­թի՝ 5 ­Նո­յեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, Իշ­խա­նեան եւ իր տի­կի­նը այցելեցին «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տուն եւ մօ­տէն ծանօ­թա­ցան յու­նա­հայ օ­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Իր այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով Իշխանեան շա­հե­կան հար­ցազ­րոյց մը տո­ւաւ թեր­թին։
­Նոյն օ­րը, Ար­ցա­խի պատ­գա­մա­ւորն ու իր տի­կի­նը ա­ռի­թը ու­նե­ցան այ­ցե­լե­լու Հ.Կ.­Խա­չի «­Ճէ­նա­զեան», «­Յա­կո­բեան» եւ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վարժարանները եւ ծա­նօ­թա­նա­լու ա­շա­կեր­տու­թեան ու ու­սուց­չա­կան կազմերուն։ Փոքրիկ­նե­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ մօ­տե­ցան Ար­ցա­խի հիւ­րին եւ լսե­ցին ա­նոր պատ­գամ­ներն ու թե­լադ­րանք­նե­րը՝ հա­յու ինք­նու­թիւ­նը եւ Արցա­խի հե­րո­սա­կան պատ­մու­թիւ­նը ի­րենց սրտե­րուն մէջ պա­հե­լու հա­մար։

Իշ­խա­նեան յոր­դո­րեց ա­շա­կերտ­նե­րուն այ­ցե­լել Ար­ցախ, զգալ մեր ար­ծո­ւա­բոյն հայ­րե­նի հո­ղին զօ­րու­թիւ­նը եւ ա­մէն տեղ զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի գո­յա­պայ­քա­րին։

­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան հար­ցազ­րոյց տո­ւաւ յու­նա­կան «Է­ֆի­մէ­րի­տա թոն սին­տաք­թոն» թեր­թի հա­յա­սէր թղթա­կից ­Նի­քո­լաս ­Զիր­ղա­նո­սին, որ Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին այ­ցե­լած էր Ար­ցախ եւ իր տպա­ւո­րու­թիւն­ներն ու Ար­ցա­խի ժողովուր­դի ար­դար պայ­քա­րը նկա­րագ­րած էր եր­կա­րա­շունչ յօ­դո­ւա­ծով մը։
­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 6 ­Նո­յեմ­բե­րին, Ար­ցա­խի ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր Դաւիթ Իշ­խա­նեան այ­ցե­լեց Ազ­գա­յին Առաջնորդա­րան եւ հան­դի­պում ունեցաւ Յու­նա­Հա­յոց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի եւ Ազգային Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ։ ­Նոյն գի­շեր, ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան հան­դի­պե­ցաւ ՀՅԴ ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի կազ­մին հետ։ Ըն­կե­րը ներկա­յա­ցուց Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը, խօ­սե­ցաւ Արցախի քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին, յատ­կա­պէս՝ 2020-ի նա­խա­գա­հա­կան եւ ե­րես­փո­խա­նա­կան զոյգ ընտ­րու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հա­մար ե­ղած ջանքերուն եւ քա­ղա­քա­կան նախա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կը ծա­ւա­լին պետա­կան մա­կար­դա­կի վրայ, ինչ­պէս նաեւ ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նեց վեր­ջերս Արցա­խի պե­տու­թեան եւ ՀՅԴ-ի կազ­մա­կեր­պու­թ եամբ տե­ղի ու­նե­ցած Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վին մասին։


Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան այցելեց Ազգային առաջնորդարան

Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Չո­րեք­շաբ­թի, 6 ­Նո­յեմ­բեր 2019-ի ե­րե­կո­յեան, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան այցելեց Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր եւ ՀՅԴԱրցախի Կեդրոնական Կոմի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ՀՅԴ ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներկայա­ցու­ցիչ ­Սեր­գօ Գույումճեա­նի: ­Հիւ­րին ըն­դու­նե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Գեղամ Արք. ­Խաչերեան եւ Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը: Պրն. ­Սեր­գօ Գու­յում­ճեան ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խեան շար­ժու­մի առա­ջին իսկ օ­րէն՝ թէ՛ ռազմա­կան թէ՛ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան մար­զէն ներս իր մասնակցութիւնը բե­րած պրն. Իշխա­նեա­նը: Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը, յանուն Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեան, ու­րա­խու թեամբ ող­ջու­նեց այս այցելութիւնը, նշե­լով որ ար­դէն անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն, ­Լի­բա­նա­նի ­Թե­մին Ա­ռաջ­նոր­դի հան­գա­ման­քով, ինք ծանօթ էր յար­գե­լի հիւ­րին. այս ա­ռի­թով, սր­բա­զան հայ­րը ան­գամ մը եւս հաս­տա­տեց ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ի մաս­նա­ւո­րի Մեծի ­Տանն Կիլիկիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ու իր թե­մե­րուն ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խին:

Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան բա­րի գա­լուս­տի խօսքերով ող­ջու­նեց այ­ցե­լու­թիւ­նը յար­գե­լի հիւրին:

Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան շնոր­հա­կալ ըլ­լա­լով ե­ղած պա­տի­ւին ու ընդունելութեան հա­մար, իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ Յու­նաս­տա­նի հայու­թեան մօտ կը գտնո­ւի, յիշե­լով անց­նող տա­րի­նե­րուն յու­նա­հա­յու­թեան բերած նպաստն ու մասնակցու­թիւ­նը Ար­ցա­խեան պայ­քա­րին, ա­պա ընդ­հա­նուր կէ­տե­րու մէջ ան անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խի ներ­կայ իրավիճա­կին եւ դիմագրաւած հիմ­նա­հար­ցե­րուն: Իշ­խա­նեան կա­րե­ւո­րու­թեամբ անդրադարձաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի դե­րա­կա­տա­րու­թեան, ի մասնա­ւո­րի՝ Ար­ցախ կա­տա­րած յատ­կան­շա­կան այցելութեան: Ազ­գա­յին Վարչու­թեան ան­դամ­նե­րուն կող­մէ ե­ղած հար­ցում­նե­րուն, Իշ­խա­նեան տուաւ սպառիչ պատասխաններ: