«Մարդ ընդհանրապէս կրնայ դիմադրել թշնամութեան, բայց եթէ կ’ուզես փորձել մարդու նկարագիրը, իշխանութիւն տուր անոր…»
Աբրահամ Լինքըն
 (1809-1865, ԱՄՆ-ի նախագահ)
Վերոյիշեալ կարգախօսը կը ցոլացնէ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13-ին, Սպիտակ Տան նախագահական գրասենեակին հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփի եւ իր թուրք պաշտօնակից Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի միջեւ։
Հանդիպում մը, որ իր մակարդակով եւ եղելութեամբ յար եւ նման է քանի մը շաբաթ առաջ Սպիտակ Տան վարձակալին կողմէ Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին յղուած նամակին։ Փրոթոքոլային դրոյթէն բոլորովին հեռու, նախակրթարանի մը մակարդակի, երկու ընկերներու միջեւ նամակագրութիւնը յիշեցնող այս քանի մը տողը, օրին ծիծաղէ աւելի յուսախաբութիւն պատճառեց քաղաքական միջավայրի մը, որ շատ աւելի լրջութեան կը կարօտի։ Այնպիսի ոճով գրուած էր այդ նամակը, որ կը յիշեցնէր զուտ առեւտրական առուծախի մակարդակի գրութիւն մը։
Շատեր նոյնիսկ «սեւ կատակ» (black humour) մը կատարեցին, յայտնելով թէ նախագահ Թրամփ շփոթած է եւ թուիթ կատարելու՝ դայլայլելու փոխարէն նամակ գրած է։
Նմանօրինակ կացութիւն մը կրկնուեցաւ Նոյեմբեր 13-ին, երբ փոխանակ նամակ մրոտելու, այս անգամ բեմահարթակէն կատարուեցան անհիմն եւ անհեթեթ գովասանքի խօսքեր եւ սուտ ու փուճ յայտարարութիւններ։
Էրտողանի քարոզչական մեքենային կողմէ պատրաստուած վաւերագրական մըն ալ ցուցադրուեցաւ ներկաներուն, փորձելով համոզել, թէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կատարուած ներխուժումը իսկապէս «խաղաղութեան աղբիւր» մըն էր՝ իր անունակոչման նման։ Բ. համաշխարհային նացիական շարժումի քարոզչութիւնը կատարող Լենի Ռիֆընշթալի գործերը յիշեցնող – թէեւ մակարդակով, շատ աւելի մակերեսային եւ տկար – այս վաւերագրականը ո՛չ մէկ կարծիք կրնար փոխել, ո՛չ ալ համոզել երկմտանքի մէջ գտնուող քաղաքագէտ մը։
Հոս միջանկեալ մէջբերում մը կատարելով, տեղին է հարցադրել, թէ արդեօք այս քարոզչական մեքենան այլ վաւերագրակա՞ն մըն ալ պիտի պատրաստէ քանի մը օր առաջ Տահէշի կողմէ սպանուած Գամիշլիի հայ կաթողիկէ համայնքի հովիւին մասին։
Գլուխ գործոցն ալ մամլոյ ասուլիսն էր, երբ Թրամփ ամենայն յանդըգնութեամբ յայտնեց թէ նախընտրելի է բարձրախօսը փոխանցել եւ առիթ տալ Էրտողանի մօտիկ կամ հլու կամակատար լրագրողներու, որոնց թիւը հաւանաբար սակաւ է, նկատի ունենալով որ Յունիս 2016-ի դէպքերէն ի վեր հազարաւոր լրագրողներ բանտարկուած են։
Վերջապէս, հայութեան (անշուշտ երբե՛ք Հայոց Ցեղասպանութեան) անդրադառնալով, Սուլթանամէտ կարծրատիպ Էրտողանը ըստ երեւոյթին տարբեր ձեւով հասկցած է Գրիգոր Զoհրապի, Երուխանի, Թլկատինցիի եւ անոնց յաջորդ սերունդի Զաւէն Պիպեռեանի եւ աւելի քան տասը տարի առաջ անարգ ոճիրի զոհ գացած Հրանդ Տինքի նկարագրած Պոլսոյ հայութեան իրապաշտ պանդխտութիւնը եւ պարզ ու մեկին, բազմիցս «թափառաշրջիկ» բառը գործածելով, անարգած եւ նսեմացուցած է հայորդին։
Թիւ 296 բանաձեւի մասին հպանցիկ էր կատարուած անդրադարձը։
Ի վերջոյ այդ մէկն ալ արդիւնքն էր ռուս հանրահռչակ գրագէտ Լէօ Թոլսթոյեան մէկ խօսքին.- «Քանի որ զեղծարար մարդիկ կը միանան եւ ուժ կը կազմեն, ուրեմն ուղղամիտ մարդիկ պէտք է միեւնոյնը կատարեն»:
Խմբագրական «Հայրենիք»ի