Քեսապը, իմ գեղեցիկ գիւղն է, իմ փոքրիկ Հայաստանը, իմ ծննդավայրը։
Ես ծնած եմ եւ կը մեծնամ հոն։ Հոն են իմ դպրոցը եւ եկեղեցին։
Օդը մաքուր է, ունի կանաչ պարտէզներ, այգիներ եւ զուլալ աղբիւրներ։
Քեսապցին աշխատասէր եւ հիւրասէր է։ Ան կը վայելէ իր պարտէզներուն Աստուածատուր բարիքները։ Ես շատ հպարտ եմ, որ քեսապցի եմ։ Ուր որ ալ երթամ, չեմ կրնար մոռնալ գեղեցիկ ծննդավայրս։
Շուշի Ղազարեան
Զ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան