Վերջերս պատիւը ունեցայ Լեւոն Շանթի «Եսի Մարդը» թատերգութեան բեմականացումը ստանձնելու. աշխատանք մը, որուն նետուեցայ անվարան, միայն յետոյ անդրադառնալու, թէ որքա՛ն բարդ ու ծանր պարտաւորութիւն մըն էր։ Որեւէ թատերգութեան բեմականացումը իր հետ կը բերէ որոշ դժուարութիւններ, սակայն այդ դժուարութիւնները առաւել շեշտուած են Լեւոն Շանթի գործերուն մէջ, ուր տիրապետողը ոչ թէ հետաքրքրական պատումն է՝ արարքներով զարգացող դէպքը, այլ՝ տիպարներու հոգեբանական վիճակներու բացայայտումն ու անոնց զարգացումը։
Թատերգութիւնը լաւ ներկայացնելու համար, նախ պէտք է բնաբանը լաւապէս հասկնալ ու «մարսել»։ Պատում մը հասկնալ, կ’ենթադրէ նախ բացայայտել, թէ ո՛վ է անոր հերոսը, որո՞ւ պատմութիւնն է այս եւ ինչո՞ւ մեզի համար կարեւոր է այդ պատմութիւնը։ Երկրորդ՝ պէտք է վերլուծել յիշեալ պատմութեան կառոյցը, զարգացման փուլերը եւ անոնց հիման վրայ կողմնորոշուիլ։ Երկրորդը, իրականութեան մէջ, սերտօրէն առնչուած է առաջին կէտին հետ, որ յիշեցինք՝ հերոսին բացայայտումը։ Այսպէս ալ սկսաւ «Եսի Մարդը» թատերգութեան հերոսի փնտռտուքին ոդիսականը։
Թատերգութիւնը յստակօրէն կը ներկայացնէ երկու ծայրայեղօրէն զիրար հակասող տիպարներ։ Մէկ կողմէն ունինք Սեդրաքը, որ ազգային վեհ գաղափարներու նուիրեալ երիտասարդն է, իսկ միւս կողմէն՝ Մուշեղը, որ նոյնպէս ատենին եղած է գաղափարի նուիրեալ, սակայն սայթաքած է եւ վերածուած իր ընկերները մատնող դաւաճանի մը։ Թատերգութիւնը բաղկացած է հինգ արարներէ եւ կ’աւարտի ողբերգական, տագնապալից աւարտով մը։ Սովորաբար դէպքերը առաջ տանողը կ’ըլլայ երկու այսպիսի զիրար հակասող տիպարներու կամքերուն բախումը. դասական պատումին մէջ հերոսը (protagonist) կ’ուզէ բան մը իրականացնել, իսկ հակահերոսը՝ (antagonist) հերոսին արգելք կը հանդիսանայ իրականացնելու այդ նպատակը։ Ուրեմն՝ ո՞վ է այս պատմութեան հերոսը…
Մեր միտքերն ու սիրտերը բնականաբար միշտ կը հակին դէպի մեզի գաղափարակից, մեզի համամտող տիպարները։ Այդ առումով, որքա՛ն ռոմանթիք հերոս է Սեդրաքը, իր նուիրումով, պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ եւ մարդկային վեհ արժէքներու հանդէպ հաւատարմութեամբ։ Սեդրաք պարտականութիւն ստացած է մաքրել Մուշեղին հաշիւը, սակայն կը տառապի ներքին բախումէ. «մա՛րդն է, որ կը զգայ ու կը խօսի մէջս», կ’ըսէ ան, որովետեւ մարդու կեանքին վերջ տալը խորթ ու դժուար ըմբռնելի հրամայական մըն է, որքան ալ արդարացուած ըլլան պատճառները։ Նոյն ատեն անոր քաղցր յարաբերութիւնը քրոջը՝ Ազնիւին եւ սիրած աղջկան՝ Արաքսիին հետ, ինչպէս նաեւ ձերբակալութիւնն ու ողբերգական աւարտը զայն կը դնեն ռոմանթիք հերոսներու բարձունքին վրայ։ Ուրեմն, կը թուի մեզի, թէ թատերգութեան հերոսը Սեդրաքն է, անոր պատմութեան մենք ականատես կ’ըլլանք ու անոր աւարտով կը յուզուինք։ Սակայն հոս երկու նրբութիւններ կան, որոնք կրնան վրիպած ըլլալ մեր աչքէն. նախ, եթէ հերոսը Սեդրաքն է, ուրեմն ինչո՞ւ անոր ձերբակալութեամբ չ’աւարտիր թատերգութիւնը, այլ անկէ ետք կայ լման արար մը։ Երկրորդ՝ ինչո՞ւ կոչուած է «Եսի Մարդը», ի վերջոյ «Եսի Մարդը» ներկայացնողը Սեդրաքը չէ։ Այս մտորումները մեր միտքերը կ’ուղղեն դէպի թատերգութեան ենթադրեալ հակահերոսը՝ Մուշեղը, իսկական «Եսի Մարդը»։ Ան իր եսասիրութեամբ, ամէն արժէք ոտնակոխելով ու շրջապատին հետ բիրտ ու կոպիտ յարաբերութիւններով հակապատկերն է Սեդրաքին, առաւել եւս, թատերգութիւնը կ’աւարտի անոր սպանութեամբ։
Արդեօ՞ք այս թատերգութիւնը Մուշեղի՛ն պատմութիւնն է։
Եկէ՛ք պահ մը նայինք թէ ճիշդ ինչպիսի՛ պատմութիւն է Մուշեղին պատմութիւնը։ Սկսինք աւարտէն…
Յատկապէս Ազնիւին հետ իր վերջին երկխօսութենէն կը բացայայտուի, որ Մուշեղ արդէն թեւակոխած է հոգեկան ծանր բեկումի փուլ մը, գրեթէ խենթացած։ Իտէալիստին թաւալումը դէպի խենթութիւն տարածուած պատում է գրականութեան մէջ։ Այսպիսի պատումներուն հերոսը ընդհանրապէս կ’ըլլայ իտէալիստ մը, որ իր ձգտումին մէջ կը սայթաքի։ Այդ սայթաքումի հետեւանքներուն հանդէպ ծանր խղճի խայթը, ինչպէս նաեւ անով պայմանաւորուած նոր կացութիւնը հերոսը կամաց-կամաց կը մղեն դէպի խենթութիւն։ Այս մէկը ամբողջովին ճշմարիտ է Մուշեղին պարագային։ Չէ՞ որ ան ալ ատենին եղած է իտէալիստ գաղափարապաշտ մը եւ իր ձերբակալութեամբ սկսած է իր ողբերգութիւնը։ Սխալին մէջ իյնալով, ան հիմա ամէն ջանք կը թափէ արդարացնելու ինքզինքը եւ այդ արդարացումներով աւելի կը մխրճուի սխալին մէջ, աւելի կը նեղնայ օղակը իր շուրջ եւ հետզհետէ կը վերածուի մինակ ու շրջապատին հանդէպ ոխով լեցուած անձնաւորութեան մը։ Ան այս բոլորին յաղթահարելու լաւագոյն պաշտպանողական միջոց գտած է ինքզինքը մեծարելն ու շրջապատը նսեմացնելը։ Իր պաշտելի Եսը այնքան կ’ուռեցնէ, որ ի վերջոյ փուչիկի մը պէս պիտի պայթի, իր հետ տանելով հոգեկան ու մտային կայունութիւնը։ Որեւէ լաւ թատերագիր կրնար այսքանով բաւարարուիլ եւ Մուշեղին խենթութեամբ աւարտել թատերգութիւնը։ Սակայն գաղափարապաշտ գրողին համար կայ նաեւ այլ ըսելիք մը։ Բնական, աստուածային պատիժը չէր կրնար բաւարարել Շանթը։ Ան կ’ուզէ ցոյց տալ, որ այսպիսիներ արժանի չեն նոյնիսկ իրենց ողբերգութիւնը ապրելու, այլ՝ միայն ու միայն արդար գնդակով մը տապալելու։
Եթէ պատմութեան հերոսը իսկապէս Մուշեղն է, ապա այդ մէկը Շանթին կողմէ յանդուգն քայլ մըն էր՝ հակահերոսը, ժխտական տիպարը ընտրել որպէս թատերգութեան հիմնական հերոս։ Եկէ՛ք քայլ մը առաջ երթանք եւ թատերգութեան կառոյցին մէջ փնտռենք այս ճշմարտութիւնը հաստատող փաստեր։
Թատերգութիւնը, ինչպէս գեղարուեստական արձակի սեռերը (վէպ, վիպակ, պատմուածք եւ այլն), կ’ենթարկուի դէպքերու զարգացման որոշ կառոյցի օրէնքներու։ Ամէնէն ընդհանրացածը հինգ արարով պատումն է՝ նախադրեալ, հանգոյց, դէպքերու զարգացում, գագաթնակէտ եւ լուծում։ Հոս փակագիծի մէջ յիշենք, որ Հալէպի մէջ «Եսի Մարդ»էն բացի, 2019-ի ընթացքին բեմ բարձրացան երկու այլ թատերգութիւններ, որոնցմէ մին յիշեալ զարգացումներու իմաստով բաւական թոյլ էր, իսկ միւսը՝ մինչեւ գագաթնակէտ ընթացաւ բաւական տրամաթիք ու պիրկ, գագաթնակէտը յուզիչ էր ու ազդեցիկ, սակայն հոնկէ մինչեւ լուծում այնքան երկարեցաւ, որ կորսնցուց իր տրամաթիք տպաւորութիւնը։ Լուծումը պէտք է անմիջապէս յաջորդէ գագաթնակէտին, երկուքին միջեւ ժամանակը տասը վայրկեանուան սահմանները պէտք չէ անցնի, ապա թէ ոչ գագաթնակէտին ձգած տպաւորութիւնը կը խամրի։ «Եսի Մարդը» ըլլալով հոգեբանական թատերգութիւն, չի հետեւիր դէպքերու զարգացման յիշեալ փուլերուն, նմանօրինակ պատումներ, նոյնպէս ունին հինգ փուլով զարգացող կառոյց, սակայն այդ փուլերը կը տարբերին։ Պատումը կը սկսի ոչ թէ նախադրեալով, այլ ուղղակի բացայայտումով մը: Առաջին պատկերին մէջ արդէն իսկ Սեդրաք երկընտրանքի առջեւ է, տագնապալից կացութեան մէջ է, հոս նախադրեալ չկայ, թերեւս այդ է պատճառը, որ բազմաթիւ հանդիսատեսներ սկիզբը շփոթի մատնուած էին: Առաջին արարը բացայայտում է երկու հերոսներուն ալ համար։ Սեդրաք շփոթի կը մատնուի Մուշեղին առած քայլէն, կը բացայայտէ անոր անձնաւորութեան մէկ երեսը, թէեւ ժամանակը պիտի փաստէր, որ բացայայտումը սխալ է։ Միւս կողմէն Մուշեղ եկած էր մօտէն ճանչնալու իր հակառակորդը, նոյնիսկ զայն իր կողմը սիրաշահելու միտումներով։ Առաջին արարին հերոսը անվիճելիօրէն Սեդրաքն է։
Երկրորդ արարը կը ներկայացնէ տիպարներուն փափաքները, կամքը եւ անոնց բախումները։ Հոս Սեդրաք կարծէք իր թափը կորսնցուցած է, ան քայլ մը ետ առած է իր որոշումէն եւ եկած է Մուշեղին մօտ, ի միտի ունենալով նոր առաջարկ մը։ Հոս հանդիսատեսը կը բացայայտէ Սեդրաքին տիպարին մէկ այլ երեսը եւս՝ անոր յարաբերութիւնը Մուշեղին քրոջ աղջկան՝ Արաքսիին հետ։ Երրորդ արարը արդէն իսկ տագնապալից կացութիւն կը ներկայացնէ։ Սեդրաք տագնապի մէջ է, ան իր առաջարկը կը ներկայացնէ Մուշեղին, առանց նոյնիսկ խորհրդակցելու «Վերին Մարմին»ին հետ։ Միւս կողմէն կը թելադրէ ընկերոջը՝ Շահանին, շարունակել գործունէութիւնը։ Հոս Սեդրաքին դէմ ծառացած արգելքը ոչ թէ Մուշեղը, այլ իր հարազատ քոյրը՝ Ազնիւն է, որ կը զգայ թէ ինչպիսի պարտականութիւն ստանձնած է եղբայրը եւ կը փորձէ արգելք հանդիսանալ։ Արդարեւ առաջին երեք արարներուն հերոսը կը շարունակէ մնալ Սեդրաքը։
Չորրորդ արարին՝ գագաթնակէտին, կացութիւնը կտրականապէս կը փոխուի։ Մինչեւ հոս դէպքերու զարգացման մէջ չէզոք դերակատարութիւն ունեցող Մուշեղը ներգործող տիպարի կը վերածուի, նախ կը փորձէ Սեդրաքին առաջարկին հակառակ թեզը ներկայացնել, զայն շահիլ իր կողմը, իսկ երբ կը ձախողի՝ կը մատնէ ու ձերբակալել կու տայ Սեդրաքը։ Հո՛ս գտնելով թատերգութեան գագաթնակէտը, յարմար գտանք անխօս, խորհրդանշական պատկերով ներկայացնել Մուշեղին հոգեվիճակը։ Հակառակ անոր որ բնաբանին մէջ չէր ներառուած պատկերը, սակայն յաջողեցաւ ըլլալ ներկայացման իսկական տրամաթիք գագաթնակէտը, որուն յաջորդեց լուծումը, տագնապալի՛ց լուծումը։ Հոս «լուծում» բառը պայմանական է, որովհետեւ դասական իմաստով հանգոյցին ստեղծած տրամաթիք պրկումին լուծումը չէ, այլ՝ այն տագնապալից վիճակը, որմով հրաժեշտ կու տանք մեր տիպարներուն, առանց հաստատ գիտնալու, թէ մեծամասնութեան ճակատագիրը ի՛նչ եղաւ. կրնանք պարզապէս ենթադրել։ Միակ բանը, որ հաստատ գիտենք, որ Մուշեղ չկրցաւ ազատիլ «Յեղափոխութեան իր դէմ առած որոշում»էն։ Վերջին երկու արարներուն հերոսը արդարացիօրէն Մուշեղն է։
Ուրեմն, անգամ մը եւս կը հարցնենք, ո՞վ է «Եսի Մարդը» թատերգութեան հերոսը, որո՞ւ պատմութիւնն է այս։
Խորքին մէջ այս թատերգութիւնը այն հազուագիւտ պատումներէն է, որ արարէ արար կը փոխէ իր հերոսը, մեր առջեւ բանալով երկու հակադիր տիպարներու խորունկ ներաշխարհները։ Երկուքն ալ հեղինակին խորքերը ալեկոծող երկրորդ Ես մըն են, իր անձնաւորութեան տարբեր երեսները։ Շանթ ե՛ւ Սեդրաքն է, ե՛ւ Մուշեղը։ Երկրորդին պարագային՝ մութ կողմը, այն ինչ որ պէտք է չըլլայ եւ որմէ պէտք է հեռու մնալ։ Շանթի գրականութեան յատկութիւններէն մէկն է այս, ան ներկայ է տիրապետող ձեւով ոչ միայն իր բոլոր գործերուն, այլ նոյնիսկ իր բոլոր տիպարներուն մէջ։ Կարծէք ինքնիր հոգեբանութիւնը վերլուծելով ան կը հասնի մարդկային խորագոյն արժէքներու եւ հոս է Լեւոն Շանթի անզուգական մեծութիւնը, իսկ անոր գործը բեմականացնելը ինծի եւ ընկերներուս առիթ տուաւ խորանալու մեր անհատական հոգեբանութեան շերտերուն մէջ, բացայայտելու շատ բաներ, այնքան, որ «Եսի Մարդ»էն առաջ ու անկէ ետք կեանքը երբեք նոյնը չէ։ «Եսի Մարդը» թատերգութեան հերոսը մեզմէ իւրաքանչիւրն էր։
Յուշիկ Ղազարեան