«Հորիզոն».- ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով Քանատա ժամանած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան քաղաքական հանդիպումներուն ծիրէն ներս 2 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Սէն Լորան քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արէֆ Սալէմի, Մոնթրէալի Քաղապետական խորհուրդի անդամ Մէրի Տերոս Չաւուշեանի, Պորտօ Քարթիէրվիլ ընտրատարածքի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Էֆֆի Ճիաննուի եւ Մոնթրէալի քաղաքապետական ընդդիմութեան ղեկավար Ֆրանչէսքօ Միէլէ ի հետ, Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնէն ներս:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան, Քեպէքի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ՝ Արփի Պալիոզեան եւ Ժիզէլ Իւնանեան, ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի անդամ Ռուբէն Աշգարեան։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի քաղաքներու հետ փոխյարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։ Տիկ. Մէրի Տերոս Չաւուշեան զեկուցեց Հոկտեմբեր 11-ին Ստեփանակերտի մէջ կայացած ՀՅԴ-ի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրը կրող Արցախի բարեկամներու քառօրեայ համաժողովին մասին, որուն ինք անձամբ մասնակցած էր։