«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Իսթանպուլի էջ ընթացող Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան մասին ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարած է:

Փայլան թուիթըրեան էջին մէջ գրառում կատարած է, յայտարարելով, որ պիտի չի մասնակցի ընտրութեան եւ ոչ ոքի համար պիտի քուէարկէ:
Ան ըսած է. «Ընտրուած անձը իմ պատրիարքը չեմ համարեր: Պատմութեան սեւ էջերուն մէջ պիտի գրուին մեր պատիւին հետ խաղացող պետական ծառայողներուն եւ անոնց հետ համագործակցող հոգեւորականներու անունները»:

Յիշենք, որ համայնքի մէջ դժգոհութիւն յառաջացուցած է այն, որ Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ պատրաստուած Պատրիարքի կանոնադրութեան մէջ սահմանուած էր, որ պատրիարքի թեկնածու կրնան ըլլալ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին ենթակայ եպիսկոպոսները: Այս սահմանափակման պարագային ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցող թեկնածուներու քանակը խստօրէն սահմանափակուեցաւ: