Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբերին վաւերացուց օրինագիծ մը, որ պատժամիջոցներ կը նախատեսէ Ռուսիայէն դէպի Գերմանիա երկարող կազատար խողովակի մը կառուցման մասնակցող ընկերութիւններուն դէմ: Նախագիծը շաբաթ մը առաջ շահած էր Ներկայացուցիչներու Տան վաւերացումը եւ կը սպասուի, որ նախագահ Թրամփ շուտով ստորագրէ զայն:
Օրինագիծը ունի երկար պատմութիւն եւ եթէ անմիջականօրէն բախման գիծի վրայ կը դնէ մէկ կողմէ` Միացեալ Նահանգները եւ միւս կողմէ` Գերմանիան ու Ռուսիան, հակամարտութիւնը անպայմանօրէն պիտի ընդգրկէ նաեւ ուրիշներ:
Ի՞նչ է ծրագիրը` քանի մը տողով:
Երկար ատենէ ի վեր, Ռուսիա եւ Գերմանիա բանակցութեան մէջ էին ռուսական կազի ներածման նոր ուղիներու շուրջ. անմիջական դրդապատճառը` Ուքրանիոյ ճամբով դէպի Եւորպա հասնող ռուսական կազատարին վերեւ կախուած հարցականներն էին, հիմնականին մէջ` Ռուսիա-Ուքրանիա հակամարտութեան հետեւանքով: Հետեւաբար, կը մտածուէր գտնել աւելի ապահով կազատար մը, եւ ահա, ծնունդ առաւ Պալթիկ ծովուն տակէն անցնող կազատարի ծրագիրը: Մօտաւորապէս 750 մղոն երկարութեամբ ընդծովեայ խողովակին կառուցումը ճամբայ ելած է ռուսական եւ թրքական ընկերութիւններու գործակցութեամբ, անիկա պիտի արժէ աւելի քան 10,5 միլիառ տոլար (սկզբնապէս, նախահաշիւը շուրջ 8 միլիառ տոլար էր, հիմա արդէն աւելի քան 10.5 միլիառ. չէ՞ որ Թրամփի պատն ալ գնաճ կ՛արձանագրէ…): Նիւթական միջոցներու ապահովման կը մասնակցին քարիւղի եւրոպական հինգ ընկերութիւններ, ներառեալ »Շէլ«ը: Ֆինլանտա, Շուէտ եւ Դանիա արդէն համաձայնութիւն տուած են, որ իրենց շրջանային ջուրերը գործածուին այս ծրագիրին համար: Սա լուսարձակի տակ կը բերէ Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ գործակցութեան մէկ այլ տարածքը:

*

Բանանք տխուր երգիծանքի էջը:
Զրոյցներ շրջան կ՛ընեն, որ ամերիկեան խորհրդարանին մէջ այս նախագիծին շուրջ բանավէճին զուգահեռ (պատժամիջոցներուն ընդդիմացողներ ալ կան), գաղտնի հաղորդակցութիւններ տարուած են Ուաշինկթըն-Պերլին գիծին վրայ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միջեւ, որոնց ինքնութիւնը յայտնի չէ, այլ անոնք կը կոչուին Տէնի եւ Անկելիքա: Զրոյցները գաղտնալսուած են (գաղտնալսումները եւ անոնց բացայայտումը մեր նոր աշխարհի առօրեային մաս կը կազմեն քիչ մը ամէն տեղ, չէ՞):
Ահա թէ ի՞նչ լսուած է ամերիկացի Տէնին եւ գերմանացի Անկելիքային խօսակցութենէն:
ՏԷՆԻ.- Անկելիքա. դուք ձեր խելքը թռցուցե՞ր էք, որ գացեր` Փութինի գիրկը կը նետուիք, ռուսական կազ կը գնէք:
ԱՆԿԵԼԻՔԱ.- Մենք եւ եւրոպական ուրիշ երկիրներ կազի պէտք ունինք: Շատո՜նց Ռուսիայէն կազ կը գնէինք, հիմա ալ նոր գիծ մը կ՛ուզենք բանալ: Ասոր մէջ յետին հաշիւներ մի՛ տեսնէք: Եղածը պարզ առեւտուր է: Հարկը օրէնքը կը լուծէ:
ՏԷՆԻ.- Ի՞նչ ըսել է »պարզ առեւտուր է«: Ձեր ըրածը քաղաքական մեծ սխալ է եւ ապերախտութիւն:
ԱՆԿԵԼԻՔԱ.- Ո՞ւր է սխալը, ի՞նչ ապերախտութեան մասին է խօսքը…
ՏԷՆԻ.- Սխալը հոն է, որ այս կազատարին բացումէն ետք, Ռուսիա հսկայական շահ պիտի ապահովէ Եւրոպայէն: Մի՛ մոռնաք, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք ձեր քանդուած երկիրն ու Եւրոպան մեր դրամով վերականգնեցան: Ռուսերը ձեր քաղաքները ռմբակոծեցին ու քար ու քանդ ըրին, մենք դրամ թափեցինք եւ շինեցինք: Եւ հիմա դուք ապերախտ դուրս կու գաք` իրենցմէ կազ գնելով:
ԱՆԿԵԼԻՔԱ.- Շատ հին օրերու գացիք: Մի՛ մոռնաք, որ այդ պատերազմին, դուք, եւրոպական այլ երկիրներ ու Ռուսիա միասնաբար կռուեցաք մեր Հիթլէրին դէմ, միասնաբար քանդեցիք մեր երկիրը: Ապերախտութեան մասին ձեր խօսքը շատ միակողմանի մեկնաբանութիւն է: Յետոյ, այդ օրերէն ետք, կամուրջին տակէն շատ ջուր հոսած է, աշխարհը փոխուած է, թշնամիներ դարձած են բարեկամ, մանաւանդ երբ սեղանի վրայ դրուին առեւտրական-տնտեսական շահեր, հաշիւներ:
ՏԷՆԻ.- Իմ խօսքս ալ նո՛յն տնտեսական-առեւտրական շահերուն մասին է: Ձեր ի՞նչը կը պակսի, եթէ վառելանիւթը մեզմէ գնէք: Ինչո՞ւ կ՛ուզէք ռուսերուն չուանէն կախեալ ըլլալ…
ԱՆԿԵԼԻՔԱ.- Տէնի՛, սիրելի՛ս. եթէ ձեզմէ գնենք, ձե՛ր չուանէն կախուած պիտի ըլլանք: Գիտե՛ս: Մենք, եւրոպացիներս աշխարհի միակ ցամաքամասը ունինք, ուր քարիւղ-կազ չկայ. ստիպուած ենք տեղէ մը ներածել: Նորէ՛ն ըսեմ. մենք արդէն տարիներէ ի վեր Ռուսիայէն կը ներածէինք: Ուքրանիոյ տագնապը պատճառ դարձաւ, որ անոր հողերէն անցնող կազատարը յաճախ խափանուի, կազ չհասնի մեզի, հասածին գինն ալ հազար ու մէկ հաշիւներու խաղալիք կը դառնայ: Կ՛ուզենք քիչ մը աւելի տէրը դառնալ մեր ճակատագիրին, մեր հաշիւները ձերբազատել պատերազմական խաղերէ…
ՏԷՆԻ.- Մենք մեր կարելին կ՛ընենք, որ մեր եւրոպացի բարեկամները ապահով միջոցներով կազ ստանան: Մի՛ մոռնաք, որ Ազրպէյճանէն դէպի Թուրքիա կազատարներ բացինք ապահով շրջաններէ…
ԱՆԿԵԼԻՔԱ.- …Չենք մոռնար նաեւ, որ Ուքրանիոյ տագնապին մէջ դուք ի՛նչ դերակատարութիւն ունեցաք: Հազար խաղ խաղացիք, որպէսզի արեւելեան եւրոպական երկիրներու պէս` Ուքրանիան եւս առնէք ձեր ազդեցութեան տակ, Փորոշենքօ մը լարեցիք Ռուսիոյ դէմ, պատերազմ հրահրեցիք եւ զէնք կը ծախէք Ուքրանիոյ. Փութինի միտքը ձգեցիք, որ Խրիմը ժամանակին Ռուսիոյ կայսրութեան մէկ բաժինն էր ու մարդն ալ ի վերջոյ Ուքրանիան պատժեց` գրաւելով Խրիմը, Փորոշենքոն վարկազուրկ եղաւ եւ խեղկատակ մը գրաւեց անոր տեղը: Հիմա մենք Ֆրանսայի հետ կը փորձենք ձեր սիրելի Զելենսքիին եւ Փութինի միջեւ »լեզու գտնել«, եղած չարիքները դարմանել ու բոլորիս համար շահաւէտ պայմաններ ստեղծել:
ՏԷՆԻ.- Լա՛ւ որ դուն ըսիր: Մեր ձեռքերը շաաաաատ երկար են եւ զօրաւոր: Չէ՞ք վախնար մեր հակադարձութենէն:
ԱՆԿԵԼԻՔԱ.- Ի՞նչ հակադարձութիւն: Մենք ձեր թշնամի՞ն ենք, թէ դաշնակիցը:
ՏԷՆԻ.- Երբ հաշիւները սեղան գան, դաշնակից-մաշնակից չի մնար: Հաշիւի համար մենք բարեկամ չենք ճանչնար: Չտեսա՞ք քիւրտերուն ի՛նչ ըրինք, Սատտամը կախաղան հանել տուինք, Մուպարաքը բանտ գնաց, Քազզաֆին շան-սատակ եղաւ: Յետոյ, դուք լուր չունի՞ք, որ մենք Թուրքիոյ հետ հիմա հեռաւորութիւն եւ թշնամութիւն կը խաղանք, որովհետեւ Էրտողանը Փութինին հետ կը գործակցի, զէնք կը գնէ Ռուսիայէն, պալթեան կազատարին մէջ ալ գործակից է Փութինին:
ԱՆԿԵԼԻՔԱ.- Սպառնալի՞ք կ՛ընէք…
ՏԷՆԻ.- Ատիկա խոշոր եւ զգացական բառ է: Քաղաքական եւ ռազմավարական հարցերու դասաւորման մէջ, այդ բառերը հրապարակ չեն նետեր: Տե՛ս, մեր նախագահը ինչպիսի նրբութեամբ խօսք հասկցուց Զելենսքիին. ըսաւ. »Զէնք չենք տար, եթէ…«
ԱՆԿԵԼԻՔԱ.- Այսի՞նքն…
ՏԷՆԻ.- Տե՛ս, Անկելիքա՛. դուք` գերմանացիներդ խելացի եւ քաղաքագէտ ժողովուրդ էք: Քիչ մը ձեր շուրջը դիտեցէք եւ տեսէ՛ք, որ մեզի հետ »չքալողները« ինչպիսի՛ վտանգներու կը մատնուին: Մենք բան մը չենք ըներ. վտանգնե՛րը երկինքէն կու գան եւ զանոնք կը գտնեն, կը հարուածեն: Քեզի քանի մը օրինակ տամ, մնացեալը դո՛ւն տես եւ դատէ՛, ձեզի համար օգտակար եզրակացութիւններ հանէ: Ֆրանսայի »դեղին բաճկոնաւորները« մէկդի ձգէ, սկսինք Իրաքէն. հոն, իշխանութիւնները շատ մօտեցած են Իրանին եւ ատիկա մեր գործին չի գար. երկիրը տնտեսական քաոսի մատնեցինք, ժողովուրդն ալ ըմբոստացաւ, քանի ամիսէ ի վեր ցոյց-յեղափոխութիւն կը խաղան: Սուրիոյ քարիւղին պարագան ալ ծանօթ է: Մեր ուժերը քաշեցինք-վերադարձուցինք, որպէսզի Սուրիոյ քարիւղը մեր ընկերութիւներուն գանձանակը հարստացնէ: Ծոցի երկիրները արդէն մեր գրպանն են: Քուէյթը լաւ դաս եղաւ բոլորին: Եմէնի պարագան ալ ծանօթ է ձեզի: Պզտլիք Լիբանանը եւս մեր դիտանկիւնէն կը գտնուի տհաճ ընթացքի մէջ: Տե՛ս, թէ ի՛նչ խանդավառութիւն ստեղծեցինք անոր իշխանութեան դէմ, ժողովուրդը ոտքի ելաւ ու մենք մեր բոլոր ուժով կը քաջալերենք այդ շարժումը, մինչեւ որ իշխանութիւնը ծունկի գայ, ստեղծուի մե՛ր ուզած կառավարութիւնը: Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր տնտեսական պատանդի վերածած ենք այդ չարաճճի Լիբանանը: Մի՛ մոռնար, որ Լիբանանի ծովեզերքէն ալ սկսած է քարիւղի բոյր տարածուիլ, մեր մրցակիցները իրենց աչքը տնկած են հոն: Հա՛, դուք մեր դաշնակիցն էք: Չենք ուզեր որ նման վտանգներ գան ձեր գլխուն: Սակայն եթէ այսպէս շարունակէք, ստիպուած պիտի ըլլանք ձեզի դէմ ալ պատժական քայլեր առնել: Ատոր համար մեր սեղանին վրայ ունինք ցոյցեր հրահրելէ այլ ձեւեր. տեսէ՛ք թէ ինչ ըրինք Չինաստանին, իսկ Անգլիան բարի տրամադրութեամբ մեր ճամբուն եկաւ, քուէն տուաւ իմաստո՜ւն Ճոնսընին, շուտով պիտի հեռանայ Եւրոպական Շուկայէն, որուն մաս կազմած էր հազար նազ-ճիլվէով:
ԱՆԿԵԼԻՔԱ.- Մեզի հետ սպանալիքի լեզուով չէ՛ք կրնար խօսիլ, Տէնի՛: Մենք Չինաստան կամ Քորէա չենք: Մենք ալ կրնանք հակա-քայլեր առնել ձեզի դէմ:
ՏԷՆԻ.- Ձեր ոտքերը գետին դրէք եւ իրականութիւնները տեսէք: Հարցը մի՛ դիտէք աւանդական ակնոցով. հիմա մրցակցութիւնը մեր եւ ուրիշ երկիրներու միջեւ չէ, այլ մեր երկիրներուն տէրը դարձած հսկայ ընկերութիւններուն միջեւ: Մեր պատժամիջոցները ահա այդպիսի ընկերութիւններու դէմ են, անոնք ըլլան ռուսական, գերմանական թէ եւրոպական: Մեր նախագահը կրնայ Փութինի հետ լաւ կամ գէշ յարաբերութիւն ունենալ, բայց չի կրնար ցատկել իրեն շահ խոստացող ընկերութիւններու պահանջներուն վրայէն, չի կրնար չստորագրել խորհրդարանէն իր սեղանին եկած օրինագիծը: Մենք ֆրանսական ինքնաշարժներէն կը նախընտրենք գերմանականները: Ես այդ բոլորը կը տեսնեմ եւ անոնց նուագին համաձայն կը պարեմ: Լաւ կ՛ըլլայ, որ դուք ալ ձեր աչքերն ու ականջները բանաք նոր աշխարհի պահանջներուն դիմաց: Գիշեր բարի:

Սարգիս Մահսերէճեան
17 Դեկտեմբեր 2019