Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան կեդրոնները վերականգնեց Հասիչէի հիւսիսային արուարձաններէն Ապու Ռասին եւ Թալ Թամր ճամբուն վրայ, ազատագրելով յարակից գիւղեր եւ գիւղաքաղաքներ:
Թղթակիցը յայտնեց, որ թրքական յարձակումներուն պատճառով տեղահանուած բնակիչները սկսան վերադառնալ իրենց բնակարանները: