Լիբանանի դաժան այս օրերուն, Լիբանանի հայութիւնը ցնծութիւն ապրեցաւ երէկ ամբողջ օրը:

Հայկական երեսփոխանական պլոքին նախաձեռնութեամբ «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նուիրաբերումի արշաւը գլեց ու անցաւ ակնկալութեան շեմը, եւ հայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ իր հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը անշրջանցելի պատուանդաններ են, եւ ոչ ոք կրնայ ընկճել ու խուճապի մատնել զինք:

Պէտք էր երէկ տեսնել «Շաղզոյեան» կեդրոնի եռուզեռը առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: Հոն էին աշակերտն ու մամիկը, հոն էին ուսուցիչներն ու բանուորները, հոն էին գործատէր մարդիկ ու պարզ պաշտօնեաներ, հոն էր մեր հայ երիտասարդութիւնը, հոն էր կամաւոր բանակը հայուհիներու, հոն էին մեր ժողովուրդին բարեկամ արաբ քաղաքացիներ:

Բայց մանաւանդ հոն էր հայու նուիրաբերումի ոգին, միասնաբար մէկ բռունցք ըլլալու վճռակամութիւնը:

Ամանորի առիթով հայ ընտանիք մը ուրախացնելու նուիրաբերումի արշաւի յաջողութիւնը, տասնամեակներ ամբողջ Լիբանանի հայութեան աւանդութեան մաս կազմող մէկ նոր նախաձեռնութիւն է, որ կու գայ միանալու մեր ժողովուրդը ամուր եւ անընկճելի կամքով պահելու հաւաքական ճիգին:

Վստահ ենք, որ հաւաքուած նուէրներու գումարը պիտի բարձրանայ յառաջիկայ օրերուն եւս, եւ Լիբանանի մէջ կամ Լիբանանէն դուրս ապրող հայորդիներ անպայման պիտի ուզեն մաս կազմել ուրախութիւն տարածելու, ժպիտ բաշխելու, ամրութիւն կերտելու հաւաքական զօրակցութեան արշաւին:

Շնորհակալութի՛ւն բոլորին անխտիր:

Բոլոր անոնց, որոնք չնչին գումարով կատարեցին իրենց նուէրը:

Բոլոր անոնց, որոնք մեծագումար մասնակցութիւն ունեցան:
Շնորհակալութի՛ւն անոնց, որոնք հոգիով ու սրտով եղան մեզի հետ, բայց չկրցան այս անգամ նուիրել:

Շնորհակալութի՛ւն տակաւին այն հայորդիներուն, որոնք նմանօրինակ նպատակներու կը կատարեն նուիրատուութիւններ այլ հաստատութեանց կամ միութեանց ճամբով:

Շնորհակալութի՛ւն մեր կամաւորներուն:

Մեր սքանչելի ժողովուրդին 137.573.000 շնորհակալութի՛ւն:

Ու ճիգը պիտի շարունակուի:

Պիտի շարունակուի աշխատանքը հաւաքական զօրակցութեան, հաւաքական գօտեպնդումի եւ հաւաքական ամրութեան ի խնդիր:

Պիտի չտկարանանք:
Պիտի չընկրկինք:
Պիտի չընկճուինք:
Պիտի մնանք ամուր, ինչպէս միշտ:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ