«Ազատ Օր».-Արդէն երրորդ տարին ըլլալով, Յունաստանի Երկոտասնեան կղզեխում-բի Ռոտոս կղզիին մէջ, ձեռնարկներու շարք մը իրականացաւ, նուիրուած Ցեղասպա-նութիւններու կանխարգիլման Միջազգային Օրուան։

Մ.Ա.Կ.ի համաշխարհային օրացոյցին վրայ 9 Դեկտեմբեր թուականի նշումը, որպէս «Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային օր» ընդունուած է աշխարհի մէջ։ Թուականը պատահական չէ, այլ կը խորհրդանշէ 9 Դեկտեմբեր1948ը, որ Մ.Ա-.Կ.ի համաձայնագիրի հիմամբ՝ Ցեղասպանութիւններու յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի որոշումի ընդունման օրն է, Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ Ցեղասպանութիւն բառեզրի իրաւական բնութագրումով։

Այս առիթով, իւրայատուկ էր այս տարուայ նախաձեռնութիւնը, որ իրագործուեցաւ Ռոտոսի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ ու համագործակցութեամբ՝ «Համազգային»ի Ռոտոսի «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղի, Ռոտոսի Կիպրացիներուն, Ռոտոսի պոնտական «Տիղենիս Աքրիթաս» եւ Փոքր Ասիական միութիւններու:

Ուրբաթ՝ 12 Դեկտեմբերին, Ռոտոսի դպրոցական աշակերտներուն համար տեղի ունեցաւ ժապաւէնի ցուցադրութիւն, նուիրուած օրուայ նիւթին, որ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց պատանի աշակերտներուն մօտ։ Ցուցադրուեցաւ երեք ժողովուրդներու պատմութեան վերաբերող ժապաւէններու շարք մը, ապա յաջորդեցին զրոյցներ՝ աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ կազմակերպիչ մարմնոյ անդամներուն միջեւ։

 

Քաղաքական ձեռնարկ

 

Քաղաքական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 14 Դեկտեմբեր 2019ի երեկոյեան, Ռոտոսի «Նեսթորիտիօ» մշակութային սրահէն ներս, ներկայութեամբ կղզիի քաղաքապետական ու քաղաքական մարմիններու անդամներու եւ սրահը լեցուցած ժողովուրդի։ Կազմակերպիչ մարմնոյ անունով՝ բացումը կատարեց Ռոտոսի Կիպրացիներու միութեան նախագահ Եորղոս Սիմէոնիտիս։

Հայկական եւ Պոնտական ցեղասպանութեանց ուրացման Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, ճշմարտութենէն խուսափելու իր շարունակական ճիգը՝ անհանդուրժելի է միջազգային մարդկութեան կողմէ։ Նոյն դահիճին դէմ՝ երեք ժողովուրդներու ազգային դատին ու պահանջատիրութեան վերաբերող ու միացեալ ջանքերով յաջողուած այս ձեռնարկը, ցոյց տուաւ, թէ հայերու եւ պոնտոսցիներու ցեղասպանութիւններու ճանաչման անհրաժեշտութիւնը, մարդկային իրաւանց յարգումի՝ համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող հարց է։

Օրուան հիւր բանախօսն էր Յունաստանի մօտ Կիպրոսի դեսպան Քիրիաքոս -Քենեվէզոս, իսկ նիւթի մասին իրենց մօտեցումներն ու վերլուծումները պարզեցին փորձառու լրագրող Փանտելիս Սավիտիս եւ փորձագէտ ու հրատարակիչ Սավաս Գալէնտէրիտիս։ Համադրումը կատարեց Եգէական համալսարանի Միջերկրական ուսմանց դասախօս Եորղոս Մարիս։

Ողջոյնի խօսք ուղղեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, որ շնորհաւորեց ձեռնարկներու կազմակերպման նախաձեռնութիւնը եւ կարեւոր համարեց երեք միութիւններու գործակցութիւնը, որ տարուէ տարի կ՚ամրանայ։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան «Համազգային»ի Յունաստանի Շրջանային վարչու-թեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան։ Շնորհաւորական գրութիւններ ղրկած էին Յունաստանի զբօսաշրջութեան փոխնախարար Մանոս Քոնսոլաս եւ ե-րեսփոխան Միքա Իաթրիտի։

Երեք հրաւիրեալ ականաւոր անձնաւորութիւնները անդրադարձ կատարեցին Եւրոպական Միութեան դերակատարութեան եւ անոր ուժի, ինչպէս նաեւ այլ ուժերու համեմատութիւններուն միջեւ, վերլուծելով արտաքին քաղաքականութեան հետ կապուած հարցերը եւ երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց փոխազդեցութիւնները։ Յարգելի դասախօսները խօսեցան հայութեան փորձառութեան եւ անոր տարած շարունակական պայքարներուն մասին, որոնց ընդմէջէն յաջողեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը հասցնել բարձրագոյն մակարդակի, վերջին օրինակը տալով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ մէկ օր առաջ բանաձեւի որդեգրումին։ Մօտ երկու ժամ տեւող ձեռնարկի ընթացքին, երեք զեկուցաբերները ներկաներու ուշադրութիւնը գրաւեցին եւ շեշտը դրին պայքարը շարունակելու եւ արդարութիւնը հետապնդելու միացեալ ճիգին վրայ։

Զուտ քաղաքական յարաբերակցութեանց նիւթին վրայ կեդրոնանալով, Կիպրոսի դեսպան պրն. Քենեվէզոս պետութիւններու շահերուն մասին վերլուծումներ կատարեց, ապա խօսեցաւ Թուրքիոյ յարձակողական քաղաքականութեան մասին, կարեւոր շեշտադրումներ կատարելով։Ձեռնարկը աւարտեցաւ ներկաներուն կողմէ հնչած հարցադրումներով եւ կարծիքներով։