Շաբաթ երեկոյեան ժամը 6։30-ին Գամիշլիի Ազգային առաջնորդարան այցելեց վերին Ճեզիրէի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Գերապատուելի Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Այվազեան, որ հանդիպում ունեցաւ հովուական այցելութեամբ Գամիշլի ժամանած Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին հետ, ներկայութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդին։

Հանդիպումին ընթացքին հոգեւոր հայրերը ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ արծարծեցին հայ գաղութը հետաքրքրող զանազան հարցեր։