Ամենայն Հայոց ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. կաթողիկոս 50 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին, որպէսզի տրամադրուի լիբանանեան տագնապի յաղթահարման կարիքներուն:

Այս առիթով, Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց ըսելով. «Մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նորին սրբութեան այս զօրակցութեան համար, երբ մանաւանդ այս փուլին Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապին պատճառով լիբանանահայութիւնը եւս կ՛ապրի ծանր օրեր: Կը հաւատանք, որ մեր բոլորին համատեղ ջանքերով այս դժուար պայմաններէն յաղթական դուրս պիտի գանք եւ պիտի շարունակենք մեր հայապահպանման եկեղեցանուէր, ազգաշէն եւ հայրենակերտ առաքելութիւնը»:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ