«Ազդակ».-Կառավարութեան կազմութեան նպատակով վարչապետ Հասսան Տիապի հետ խորհրդարանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ:

Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետէն խնդրած են արագօրէն կազմել կառավարութիւնը, որովհետեւ Լիբանանն ու լիբանանցիները սպասելու ժամանակ չունին:

«Անհրաժեշտ նկատեցինք երկրին եւ ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական, դրամատնային եւ ելեւմտական տագնապին լուծումներ գտնել, ինչպէս նաեւ պահանջեցինք կազմել կառավարութիւն մը, որ կ՛ամրապնդէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, կը գործադրէ արմատական բարեկարգումներ, կը պայքարի փտածութեան դէմ, կը վերադարձնէ իւրացուած գումարները եւ շահերու վրայ հիմնուած երկրին տնտեսութիւնը կը վերածէ արտադրողական տնտեսութեան», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ վարչապետէն պահանջած են պետութեան նկատմամբ քաղաքացիին, յատկապէս երիտասարդութեան վստահութիւնը վերականգնել:

«Պլոքը կ՛ուզէ մաս կազմել յաջորդ կառավարութեան: Ունինք մասնագէտ եւ քաղաքագէտ նախարարներ, որոնք որեւէ ատեն խնդրայարոյց անհատներ չեն եղած», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: