«Երկիր» կը տեղեկացնէ, որ Արցախի նախագահութեան ՀՅԴ թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան ամանորեան շնորհաւորանքները սկսած է սահմանապահ զինուորներու այցելութեամբ եւ շնորհաւորանքով:

Ան այս առիթով դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած է գրառում մը, որուն մէջ ի միջի այլոց ըսած է. «Գալիք տարին պէտք է ըլլայ գործելու, կառուցելու, ստեղծելու տարի: Կատարուած գործերը հիմնաքար են կայուն շինարարութեան: Մեծ երազանքներ իրականութիւն դարձնելու համար լաւ «շինարարներ» կը պահանջուին. մէկ հոգիով չես կառուցեր: Համակարգուած ու խմբային աշխատանք պէտք է, ուր իւրաքանչիւրը պէտք է գործէ արհեստավարժօրէն:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր անցած դարաւոր ճամբով կրցած է ապացուցել, որ առաւելագոյնս կը հասկնայ գրիչի, բահի, զէնքի կարեւորութիւնը` երկիրը երկիր դարձնելու գործին մէջ: Անցնող տարին, ինչպէս նաեւ նախորդ տարիներուն, Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցներու գործունէութեան հիմնական առանցքը եղած է ու կը մնայ Արցախը` իր խնդիրներով ու միջազգային ճանաչման հեռանկարով: Այս առումով զգալի է կատարուածը, ձեռքբերումները` ակնյայտ, բայց ընելիքները շատ են ու կը պահանջեն անդուլ աշխատանք: Դաշնակցութիւնը երբեք չէ շեղած իր գործունէութեան ուղեգիծէն ու գործը միշտ պիտի գերադասէ շռայլ խօսքերէն:

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ: Թող 2020-ը սէր ու ջերմութիւն բերէ մեր ընտանիքներուն եւ յառաջընթաց` մեր հայրենիքի պետական, քաղաքական, հոգեւոր, մշակութային կեանքին»: