Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2020-ին, ՍԱՆԱ  հաղորդեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին սուրիական-իրաքեան սահմանային Թանաֆ շրջանէն Հոմսի Թի Ֆոր զինուորական օդակայանին ուղղութեամբ արձա-կուած հրթիռներուն:
Աղբիւրին համաձայն, Երեքշաբթի, 14 Յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 10:10-ին, իսրայէլեան օդանաւեր  յարձակում գործեցին Թի Ֆոր օդակայանին վրայ: Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը: