Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ ընտրական օրէնսգիրքի շարք մը դրոյթներով՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններու օր յայտարարուած է 31 Մարտ 2020-ը:
«Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 89-րդ յօդուածի Ա. մասին համաձայն, հանրապետութեան նախագահի հերթական ընտրութիւնը տեղի կ’ունենայ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններու աւարտէն 50 օր առաջ:
Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 109-րդ յօդուածին համաձայն, Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնը տեղի կ’ունենայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւններուն հետ միաժամանակ:
Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի 97-րդ յօդուածի Բ. մասով եւ 121-րդ յօդուածի Բ. մասով կը սահմանուի, որ հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու օրուան մասին Արցախի հանրային ձայնասփիւռով եւ հանրային պատկերասփիւռի կայանի հաղորդագրութեամբ հանդէս կու գայ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահը՝ քուէարկութեան օրէն ոչ ուշ, քան 70 օր առաջ:
Ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ ընտրական օրէնսգիրքի նշեալ դրոյթներով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններու օր յայտարարուած է 31 Մարտ 2020-ը:
Հիմք ընդունելով Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի 97-րդ յօդուածի Գ. մասը, համապետական ընտրութիւններու քուէարկութեան օրը՝ երեքշաբթի, 31 մարտ 2020-ը յայտարարուած է ոչ աշխատանքային օր», յայտնած են Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի մամլոյ ծառայութենէն: