Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը, հետեւելով մամուլի հրապարակումներուն եւ ընթացող քննարկումներուն, ներկայացուցած է պարզաբանումներ Ազգային ժողովին կողմէն ընդունուած «Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին» որոշումին առնչութեամբ Հանրապետութեան նախագահի գործառոյթներուն մասին` հետագայ շահարկումներէն, հակասական մեկնաբանութիւններէն եւ թիւրըմբռնումէն խուսափելու նպատակով:
Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած փաստաթուղթը օրէնքի նախագիծ չէ, օրէնք չէ, այլ Ազգային ժողովին կողմէն 6 Փետրուար 2020-ին ընդունուած «Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին» ԱԺ-001 որոշումն է, որ հրապարակուած է Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին մէջ:
«Վերոնշեալ որոշումին առնչութեամբ Հանրապետութեան նախագահի սահմանադրական գործառոյթները ընթացակարգային են եւ կը սահմանափակուին միմիայն եւ բացառապէս սահմանադրութեան 206-րդ յօդուածին համաձայն եռօրեայ ժամկէտով հանրաքուէի օր նշանակելու մասին հրամանագիր ստորագրելով:
Ընդ որուն, համաձայն «հանրաքուէի մասին» սահմանադրական օրէնքի 12-րդ յօդուածի Հանրապետութեան նախագահին կողմէն վերոնշեալ եռօրեայ ժամկէտով հանրաքուէ չնշանակուելու պարագային հանրաքուէն կը համարուի նշանակուած` սահմանուած ժամկէտի վերջին օրուան յաջորդող 65-րդ օրուան նախորդող Կիրակի օրը:
Հարկ կը համարենք նշել նաեւ, որ հանրաքուէի օր նշանակելով կամ չնշանակելով, Հանրապետութեան նախագահը չ’արտայայտեր իր վերաբերմունքն ու դիրքորոշումը Ազգային ժողովին կողմէն ընդունուած եւ հանրաքուէի դրուելիք Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու բովանդակութեան, ինչպէս նաեւ այդ որոշումին ընդունման ընթացակարգերու առնչութեամբ», յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ: