Երեքշաբթի, 11 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական զինուորական ուժեր կը շարունակեն յարձակիլ դէպի Իտլիպ յառաջացող սուրիական բանակին վրայ: Անոնք թիրախ կը դարձնեն նաեւ ապահով բնակչութիւնը եւ զինուորական կեդրոններ՝ վերակենդանացնելու այդ շրջանի ահաբեկչական շարժումը:
Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, ուր յայտնեց. «Սուրիական Արաբական Հանրապետութիւնը խստիւ կը մերժէ սուրիական հողերուն վրայ թրքական ուժերու ներկայութիւնը, զայն միջազգային օրէնքի խախտում եւ Սուրիոյ գերիշխանութեան սպառնալիք համարելով»: Նախարարութիւնը շեշտեց, որ թրքական ուժերուն ապօրինի ներկայութիւնը կը հակասէ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին շուրջ Ասթանայի եւ Սոչիի համաձայնութիւններուն եւ կը բացայայտէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի թշնամական վարքագիծը: