Երկուշաբթի, 17 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակին Հալէպի արեւմտեան եւ հիւսիսարեւմտեան գիւղերը ամբողջովին ազատագրելէն ետք, Սուրիոյ Փոխադրութեան նախարար Ալի Համմուտ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ին Հալէպի օդակայանը պիտի վերաբացուի եւ այս շաբթուան ընթացքին Հալէպ-Դամասկոս, Հալէպ-Գահիրէ թռիչքները պիտի կարգաւորուին: