«Արմէնփրէս».- Պատկերասփիւռի հանրային ընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` անդրադառնալով 2020 ի ընթացքին բանակի խաղաղ պայմաններով 13 զինուորական ծառայողի մահուան դէպքերուն յայտնեց, որ բանակին մէջ բարեփոխումներու օրակարգով միջգերատեսչական աշխատանքային խումբ պիտի ստեղծուի:
«Բանակի անձնակազմին մէջ էական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են, եւ շատ կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչ կը կատարուի: Դժբախտ պատահարներու ու հիւանդութիւններու պարագան պարագայ մըն է, ոչ կանոնադրային յարաբերութիւններու պարագան ուրիշ պարագայ է: Շուտով պիտի ստեղծուի միջգերատեսչական աշխատանքային խումբ, որ բանակի բարեփոխումները պիտի դարձնէ իր աշխատանքային օրակարգը, եւ յոյսով եմ, որ մենք պիտի շարունակենք բանակի բարեփոխումները, պիտի կարենանք նահատակուողներուն թիւը նուազեցնել: Երբեք բանակին մէջ աւելի քիչ զոհ չէ եղած այնքան, որքան 2019 թուականին», ըսաւ Փաշինեան:
Ապա աւալցուց, որ բանակի մէջ արձանագրուած մահերուն պատճառներէն է նաեւ քրէական ենթամշակոյթի առկայութիւնը, որ պէտք է արմատախիլ ըլլայ:
Արձանագրուած դէպքերէն ետք ՀՀ վարչապետին առաջարկով եւ նախագահին` 18 Փետրուարի հրամանագրերով պաշտօնանկ եղած են ՀՀ պաշտպանութեան Նախարարութեան զինուորական ոստիկանապետ Արթուր Պաղտասարեան եւ ՀՀ ԶՈՒ բարոյահոգեբանական ապահովման վարչութեան պետ Ալեքսան Ալեքսանեան: