2 Փետրուարին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդ լրագրող, միջազգայնագէտ Սարիկ Սեւատայի «Հայրենադարձի Աչքերով» գիրքին շնորհանդէսը: Գիրքը կ՚ընդգրկէ 30 հայրենադարձի յաջող կեանքի պատմութիւններ եւ անոնց վերադարձի լուսաւոր ճամբան:
Շուրջ 18 երկիրներէ հայրենադարձ եղած հայրենակիցներու կարգին են` Արտօ Թունճպոյաճեանը, Շանթ Քրմըզեանը, Ռաֆֆի Գազանճեանը, Գէորգ-Նուռ Շատոյեանը, Վարդան Մարաշլեանը, Տէր-Յովանը եւ այլք:

Գիրքը նախատիպը չունեցող աշխատութիւն է, որ կը միտի Սփիւռքին ցոյց տալ հայրենիք վերադարձի դրական կողմերը:
Գիրքին հերոսները գործարարներ, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ են, որոնք իրենց մասնագիտական ու անձնական կեանքին մէջ կայուն դարձած անհատներ են, որոնք իրենց ներուժը կը ներդնեն՝ ի շահ Հայաստանի։ Ըստ Սարիկ Սեւատայի, 30 հայրենադարձի մասին հետաքրքրական պատմութիւնները բաւարար են, որպէսզի հիմք ծառայեն հայրենադարձներու թիւի աճին: Ան կը նախատեսէ 2020-ին ալ շարունակել հարցազրոյցներու շարքը եւ շուրջ 50 հայրենադարձի պամութիւն ներկայացնել:

Պատմութիւնները ոգեւորիչ են: Շնորհանդէսին ներկայ էին նաեւ գիրքին հերոսները` հայրենադարձները: Անոնք հայրենիքէն ներս բաւական լուրջ գործունէութիւն ծաւալած են՝ տարբեր ոլորտներու մէջ. յաջողակ գործարարներ են, հասարակական գործիչներ, տեղեկատուական ճարտարագիտութեան մասնագէտներ, մարզիչներ և այլն: Սեւատայի գիրքին ազդեցութիւնը կրնայ հայրենադարձութեան խթան հանդիսանալ: Շնորհանդէսին ներկայ սփիւռքահայերը եւ հայրենադարձները եւս կարծիքներ յայտնեցին գիրքին առանձնակի կարեւորութեան մասին:

Ներկայացնելով իրենց փորձառութիւնը, հայրենիքի մէջ տարբեր տարիներու հաստատուած հայրենադարձները հող կրնան ստեղծել նորերու համար: