Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Սկաուտ Խորհուրդին, Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Սկաուտի Օրուան տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Պատկան Մարմինի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեանի եւ հոծ բազմութեան։

Բեմավարները բացումը կատարելով ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու անմահ նահատակներուն յիշատակը։ Ապա հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետ եղբայր Անդրանիկ Սարգիսեան, որ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան, դիտել տալով որ միութիւնը Սփիւռքի մէջ հայապահպանման դարբնոց դառնալով մնաց պատնէշի վրայ՝ ծառայելով ազգին եւ հայրենիքին։

Այնուհետեւ արի-արենուշները սկաուտական ներկայացումներով եւ կանչերով խանդավառեցին հանդիսականները։

Մարզանքի եւ պարի ներկայացումներով ելոյթ ունեցան խումբ մը արի-արենոյշներ, որոնք աւարտին բուրքեր կազմեցին։

Խումբ մը սկաուտներ ՀՄԸՄ-ին նուիրուած քառեակներ եւ բանաստեղծութիւններ ասմունքեցին, ապա եղբայր Ռաֆֆի Օհանեանի ազգային երգերու խանդավառող կատարումին միացաւ սկաուտներուն պարը։

Տեսագրութեամբ մը մասնաճիւղին միամեայ գործունէութիւնը ցուցադրուեցաւ, իսկ սկաուտական երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ փունջ մը ազգային երգերով, ղեկավարութեամբ քոյր Եւա Մանուկեան-Սելիմեանի։

Յայտագիրին երկրորդ մասը ընդգրկեց նորագիրի եւ նորընծայի վկայականաց բաշխում եւ փոխառաջնորդի ու առաջնորդի աստիճանատուչութիւն, որոնցմէ ետք քոյր եւա Մանուկեան-Սելիմեան կատարեց խմբապետի երդման արարողութիւնը և շրջանային խմբապետին կողմէ խմբապետի աստիճան ստացաւ։

Ապա Սուրիոյ Շրջանային խմբապետը իր խօսքին մէջ գնահատեց Գամիշլի Մասնաճիւղը սկաուտի օրուան կազմակերպչական գովելի աշխատանքին համար, շնորհաւորելով սկաուտները իրենց ստացած վկայականներուն եւ աստիճաններուն համար, մաղթելով բոլորին նորանոր յաջողութիւններ, իսկ Գամիշլի Մասնաճիւղին՝ յարատեւ վերելք։

Հուսկ, քահանայ հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները ուղղեց սկաուտներուն։
Տօնակատարութիւնը աւարտին հասաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով ու «Պահպանիչ» աղօթքով։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն