Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ «Ռուսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան, մղուած հաւատադրժողական իր սկզբունքներէն, Սուրիոյ մէջ կը պատերազմի ի նպաստ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն, հետեւաբար չի կրնար թուրք ժողովուրդին համոզիչ բացատրութիւն տալ, թէ ինչո՛ւ իր երկրի զինուորները Սուրիա կը ղրկէ, հոս սպանուելու համար։
Նախագահ Ասատ դիտել տուաւ, որ երկրի ղեկավարութեան ռազմական նախապատուութիւն կը նկատէ Իտլիպի ազատագրումը։ Այդ պատճառով ալ Էրտողան, ամերիկեան ցուցմունքներով առաջնորդուելով, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, կասեցնելու Իտլիպի ազատագրումը, որովհետեւ անոր պիտի յաջորդէ արեւելեան շրջաններու ազատագրումը, ուր արդէն իսկ ժողովրդական շարժում սկսած է ամերիկեան ուժերուն դէմ։
Նախագահը շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին բարձր գիտակցութիւնը, սուրիական բանակի անձնազոհութեան դիւցազնական պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ դաշնակից ուժերու աջակցութիւնը հիմնական ազդակներ հանդիսացան պետականութեան պահպանման ընդդէմ ահաբեկչութեան ու անոր սատարող կողմերուն։ Ապա աւելցուց, որ սուրիական կառավարութիւնը չ՚ենթարկուիր սպառնալիքներու, այլ կ՚ենթարկուի միայն երկրի սահմանադրութեան եւ բծախնդիր է անոր գործադրութեան մէջ։ Այս առումով, գալիք ամիսներուն պիտի իրականանան խորհրդարանական ընտրութիւններ, Սահմանադրութեամբ կանխատեսուած ժամանակին։
Նախագահ Ասատ հաստատեց, որ արաբական երկիրներուն մեծամասնութիւնը պահպանած է յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ, սակայն չէ յայտարարած անոր մասին, հաշուի առնելով ամերիկեան եւ արեւմտեան ճնշումները։ Իսկ եւրոպայի երկիրներուն մասին խօսիլը աւելորդ է, որովհետեւ անոնք ամբողջովին ենթարկուած են Ամերիկայի քաղաքականութեան։ Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն, նախագահը շեշտեց, որ երկու երկիրները գործընկերներ են եւ յարաբերութիւնները աւելի քան վեց տասնամեակ կեանք ունին եւ առաւել խորացած են պատերազմէն ետք։ Սուրիոյ մէջ գտնուող ռուսական խարիսխին նպատակը ոչ միայն ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլն է, այլ նաեւ կը ծառայէ հակակշռելու տարածաշրջանիս մէջ ամերիկեան ներկայութիւնը։