Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2020-ին, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Փութին եւ Էրտողան շուրջ 6 ժամուան տեւողութեամբ հանդիպում ունեցան՝ Իտլիպի մէջ զինադադար յայտարարելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած նախկին համաձայնագիրներու շուրջ քննարկումներ կատարելու։ Աւարտին անոնք ստորագրեցին յաւելեալ յուշագիր մը։

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն ստորագրութեամբ հաստատուած յաւելեալ յուշագիրին ռուսերէն եւ թրքերէն լ տարբերակները հրապարակած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Լաւրովն ու Չաւուշօղլուն։

«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ քանի մը կէտերէ բաղկացած յուշագիրին առաջին դրոյթով կը հաստատուի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, տագնապին բացառապէս խաղաղ միջոցներով հանգուցալուծումը։ Կողմերը անգամ մը եւս կը շեշտեն ահաբեկչութեան հոսքի դադրեցման եւ անոր դէմ պայքար մղելու անհրաժեշտութիւնը։

Ներկայ տուեալներով, զինուորական վերջին գործողութիւններուն հետեւանքով Հալէպը եւ Լաթաքիան կապող եւ ազատագրուած սուրիական M4 մայր ճամբուն երկու կողմերէն դէպի հիւսիս եւ հարաւ կը սահմանուի 6-ական քլմ. ապահովութեան գօտի, որուն սահմանագծումը 7-օրուան ժամկէտով պիտի կատարեն Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները։

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, Փութին լրագրողներուն յայտնած է. «Մենք Սուրիոյ իրավիճակին շուրջ թրքական կողմին հետ տարակարծիք ենք շատ մը հարցերու շուրջ, սակայն միշտ ալ յաջողած ենք ընդունելի լուծումներու հասնիլ, ինչպէս եղաւ այսօր»։