Քորոնա ժահրը կամ պսակաձեւ վարակը շնչառական ընդհանուր համակարգը հարուածող ժահրն է, որուն տարբեր երկու տեսակները մեզի ծանօթ են՝ 2002-ին Չինաստանի մէջ սուր շնչառական համախտանիշը (SARS) եւ 2012-ին Միջին Արեւելքի շնչառական համախտանիշը (MERS) Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ
Չինաստանի իշխանութիւնները 31Դեկտեմբեր 2019-ին Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան հաղորդած էին անյայտ տեսակի համաճարակի մը մասին: Համաճարակը սկիզբ առած է 11 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ուոհան քաղաքին մէջ:
Ըստ Առողջապահութեան Միջազգային Գործակալութեան, Այս ժահրով վարակուածներուն թիւը այսօր բարձրացած է 86.980-ի, իսկ զոհերուն թիւը՝ 2.979-ի: Ան ներթափանցած է աւելի քան 50 երկիր: Հիւանդներու եւ զոհերու թիւը օրէ օր կ’աւելնայ: Աշխարհի վրայ մարդիկ խուճապի մատնուած են սրընթաց տարածում ունեցող պսակաձեւ ժահրին պատճառով:
Պսակաձեւ ժահրը վտանգաւոր է, որովհետեւ շատ արագ կրնայ փոխանցուիլ: Ան կը տարածուի եւ կը փոխանցուի օդի ճամբով: Վարակուած անհատը փռնգտալով կամ հազալով ժահրը կը տարածէ օդին մէջ եւ իր շուրջը գտնուող իրերուն վրայ: Առողջ անձեր կը վարակուին ապականած օդը շնչելով կամ վարակուած անձերուն ու անոնց իրերուն դպչելով: Հիւանդութեան գաղտնի շրջանը 2-էն 14 օր է:
Պէտք է աւելցնել, որ այս ժահրով վարակուելէ ետք, անհատին մօտ ախտանշանները ի յայտ գալէ առաջ, ան կրնայ վարակել իր շրջապատը:
Այս իսկ պատճառով ճամբորդութեան ընթացքին պէտք է զգոյշ ըլլալ, մանաւանդ օդանաւերու մէջ, երբ մարդիկ արուեստական թթուածին կը շնչեն: Սակայն ըստ ուսումնասիրութիւններու, Չինաստանէն ծանրոցները սպառնալիք չեն ներկայացներ մարդոց համար՝ չկայ որեւէ ապացոյց, որ անոնց միջոցով կարելի է վարակուիլ քորոնա ժահրով:
ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐ
Քորոնա ժահրին ախտանշանները կը նմանին կրիփի (հարբուխ) ախտանշաններուն, սակայն հիւանդութիւնը շատ արագ կը բարդանայ եւ հիւանդին մօտ թոքաբորբ յառաջացնելով անոր մահուան պատճառ կը դառնայ:
1-Կարեւորագոյնը՝ շնչառական սուր անբաւարարութիւն
2- Ջերմութիւն
3-Դող
4-Չոր հազ
5-Մկանային ցաւ
6-Գլխացաւ
7-Քթահոս
8-Փորհարութիւն
Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը վարակէն խուսափելու եւ զայն կանխարգիլելու համար ներկայացուցած է խորհուրդներ:
Յաճախակի ձեռքերը օճառով լուալ եւ պարբերաբար մաքրել ալքոհոլ պարունակող նիւթերով:
Հազալու եւ փռնգտալու ատեն՝ քիթն ու բերանը ծածկել թաշկինակով, ու անմիջապէս թափել թաշկինակը ու լուալ ձեռքերը:
Հեռու մնալ ջերմութիւն կամ շնչառական հարցեր ունեցող անհատներէ:
Հազ, ջերմութիւն կամ շնչառութեան նեղութիւն ունենալու պարագային, անյապաղ դիմել բժիշկի:
Խուսափիլ կենդանական ծագում ունեցող հում կամ կիսեփ սննդամթերքէ:
Մինչեւ օրս հիւանդութիւնը կանխարգիլող պատուաստ գոյութիւն չունի, սակայն Moderna Therapectics ընկերութիւնը, որ կը գտնուի ԱՄՆ Մասաչուսէթս նահանգին մէջ, եւ որուն նախագահն է ամերիկահայ Նուպար Աֆէեան, պատրաստած է պսակաձեւ ժահրի պատուաստանիւթ մը եւ ուղարկած է փորձարկութեան: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դիւրազգացութեան ու վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային հիմնարկին մէջ փորձարկութիւնները պիտի սկսին Ապրիլին:
Կարելի է բուժուիլ այս ախտէն: Աշխարհի վրայ բազմաթիւ պարագաներ բուժուած են, արդ մինչեւ այսօր 86.980 վարակուողներէ 42.318 անհատներ ապաքինած են:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան