«Երկիր».- ԱՄն-ի մէջ գործունէութիւն ծաւալող Multicultural Mosaic Foundation-ը (MMF – Բազմամշակութային մոզաիք հիմնադրամ) 8 Մարտին տարածած է 1915-ին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող յայտարարութիւն:
1997 թ. հիմնադրուած հիմնադրամը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնը տարբեր ազգերու, մշակոյթներու եւ կրօններու փոխըմբռնումը, երկխօսութիւնն ու խաղաղութեան տարածումն է, սերտօրէն առնչուած է թուրք յայտնի կրօնական առաջնորդ, քարոզիչ, «Հիզմեթ» շարժման հիմնադիր, աշխարհի ամենաազդեցիկ (նաեւ կրօնական) գործիչներէն մէկուն` Ֆեթհուլլա Կիւլէնին, որ այժմ կը բնակի ԱՄՆ Փենսիլուանիա նահանգը:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է. « MMF-ը երեք տարի առաջ ստեղծած է կոմիտէ` պարզելու, թէ ինչ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներուն 1915 թուականին: Կոմիտէի անդամները երեք տարուան ընթացքին մասնակցած են հայկական, օսմանեան եւ ցեղասպանութիւններու պատմութեան նուիրուած քննարկումներուն, հանդիպած են ցեղասպանութենէն փրկուածներուն, անոնց ժառանգներուն եւ այոց հետ»:
«Կոմիտէն երեք տարի ժամկէտը լրանալէն ետք որոշած է քուէարկել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ: Կոմիտէի 20 անդամները միաձայն կողմ քուէարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այդ ձայները ներկայացուեցան ղեկավար խորհուրդին` որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկ: Mosaic-ի ղեկավարութիւնը հետեւեցաւ այդ խորհուդրին եւ 7 Մարտին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: