«Էրմէնիհապեր».-Միջերկրական ծովուն մէջ 4,4 բալ ուժգնութեամբ երկրաշարժ գրանցուած է:
Թուրքիոյ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն` ցնցումները գրանցուած են Կրետէ կղզիի տարածքին:
Երկրաշարժի կեդրոնը գտնուած է 8քմ խորութեան վրայ` Թուրքիոյ Մուղլա նահանգի Դատչա շրջանէն 175 քմ հեռաւորութեան վրայ: