Սուրիոյ կավառարութիւնը կը շարունակէ պսակաձեւ (քորոնա) ժահրէն նախազգուշացման միջոցներ որդեգրել: Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութեան ենթակայ խմբակ մը, գործակցաբար Առողջապահութեան Նախարարութեան բժշկական խմբակին հետ, հականեխեց Սուրիա ժամանող նաւերը:
Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ յայտնեց, որ խմբակները սուրիական քաղաքացիական օդակայաններն ալ հականեխած են:
Յիշենք, որ 12 Մարտ 2020-ին, նախարարութիւնը կոչ ուղղեց իրեն ենթակայ ցամաքային, ծովային եւ օդային կողմերուն Սուրիա ժամանող բոլոր փոխադրամիջոցները հականեխել՝ քաղաքացիները ապահով եւ առողջ պահելու համար: