Երեքշաբթի, 17 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, թէ նախարարութեան յատուկ տարրալուծարանին մէջ տեղի ունեցաւ պսակաձեւ (քորոնա) ժահրով վարակուած 103 կասկածելի պարագաներու քննութիւնը: Բոլոր պարագաներուն քննութեան արդիւնքները պսակաձեւ ժահրին գոյութիւնը ցոյց չտուին, հետեւաբար նախարարութիւնը հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ այս ժահրով վարակուած պարագաներ չկան:
Նախարարութեան ընդհանուր տարրալուծարաններու տնօրէն տօքթ. Շըպըլ Խուրի ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին տեղի ունեցաւ շուրջ 30.000 կասկածելի պարագաներու քննութիւնը: