«Երկիր».- Վերջին օրերուն Իտալիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով մահացածներու թիւը հասած է 427-ի: Քաղաքացիական պաշտպանութեան վարչութեան ղեկավար Անճելօ Պորելի յայտարարած է, որ սկիզբը մահացած է 3405 մարդ:
Նաեւ տուեալները ցոյց կու տան, որ Իտալիոյ մէջ ներկայիս մահուան պարագաները աւելի շատ են, քան Չինաստանինը (3245): «Բուժուողներուն թիւը հասած է 4440-ի, ներկայիս վարակուած է 33190 մարդ, որ 4480-ով աւելի շատ է, քան նախորդ օրերուն», յստակացուցած է Պորելին:
Ընդհանուր առմամբ, երկրին մէջ վարակուած է 41000 մարդ, ներառեալ` առողջացացածներն ու մահացածները: