ՍԱՆԱ.- Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած առաջին պարագան հաստատուեցաւ։ Վարակուողը օտար երկրէ մը Սուրիա ժամանած երիտասարդուհի մըն է, որ արդէն իսկ վերահսկողութեան տակ առնուած է։