Երկուշաբթի, 23 Մարտ 2020-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շուէկօն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
Կողմերը խորհրդակցեցան 5 Մարտ 2020-ին ռուս-թրքական համաձայնութեան եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն նշեալ համաձայնութեան մշտական խախտման շուրջ, ապա նաեւ Հալէպ-Լաթաքիա M-4 կոչուող մայր ճամբայէն ահաբեկիչներու հեռացման համաձայնութիւնը կեանքի կոչելու մասին։
Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ սուրիական Ճեզիրէի տարածքի իրավիճակին, ԱՄՆ-ի սուրիական քարիւղը թալանելուն, ինչպէս նաեւ սուրիական տարբեր շրջաններու մէջ ապահովութեան վերականգնումին համար կառավարութեան որդեգրած միջոցներուն շուրջ։ Նախագահ Ասատ բարձր գնահատեց Ռուսիոյ զօրակցութիւնը Սուրիոյ, յայտնելով որ Ռուսիա ջանք չի խնայեր Սուրիոյ պարտադրուած պատժամիջոցները վերացնելու եւ Սուրիոյ ժողովուրդին օգնութեան ձեռք երկարելու համար։