Հակառակ երկրէն ներս պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգելիչ նախաձեռնութիւններուն ստեղծած արտակարգ իրավիճակին, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան Խնամատարական Յանձնախումբը կը շարունակէ հոգալ կարիքաւորները։ Այս առումով, ՀՕՄ-Ի «Պնակ Մը Տաք Ճաշ» նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի նախկին թափով, ճաշ մատակարարելով շաբաթը 300 կարիքաւորի։
Կը շարունակուի նաեւ, կարիքաւոր ընտանիքներու նպաստի բաշխումը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն կը կանխատեսուի յատուկ զատկական նպաստ բաժնել մինակ մնացած տարեցներուն, որոնք պսակաձեւ ժահրէն տուժողներու ամենամեծ խաւը կը կազմեն։
Նպաստի եւ ճաշի բաշխումի ընթացքին, նկատի կ՚առնուին առողջապահական նախազգուշացումները, անհատներուն միջեւ ֆիզիքական յարմար հեռաւորութիւն պահելով եւ անոնց քթակապեր ապահովելով։