Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Ուրբաթ, 27 Մարտ 2020-ին առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, ներկայութեամբ Պատկան Մարմինին, Ս.Յակոբ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան ներկայացուցիչներուն եւ յառաջացած Շտապ Օգնութեան Յանձնախումբի անդամներուն։

Հանդիպումին ընթացքին, հոգեշնորհ հայր սուրբը անդրադարձաւ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած ախտահանման գործընթացի աւարտին, որ ընդգրկեց առաջնորդարանը, եկեղեցին, ազգային դպրոցներն ու հիմնարկները եւ յայտնեց, որ առաջնորդարանը այս գործընթացը պիտի շարունակէ երկրորդ փուլով։

Ներկայ հայ բժիշկները յայտնեցին, որ Գամիշլիի պետական հիւանդանոցն ու մնացեալ բոլոր հիւանդանոցները ցարդ պսակաձեւ ժահրով վարակուած ոչ մէկ պարագայ ներկայացած է։ Ինչ կը վերաբերի նախազգուշական աշխատանքին, ներկաները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին օգնելու շտապ պարագաներուն, իրենց հեռաձայնի թիւերը Շտապ Օգնութեան Յանձնախումբին տրամադելով։

Հանդիպումին խօսուեցաւ յառաջիկայ շրջանին անակնկալ դէպքերը դիմագրաւելու զանազան միջոցներու շուրջ եւ որոշուեցաւ Ազգային Եփրատ Վարժարանը, որպէս շտապ օգնութեան կեդրոն, բաց պահել, որպէսզկ հայ տղաքը 24 ժամուան դրութեամբ այնտեղ պատրաստ ըլլան օգնութեան հասնելու բոլոր շտապ պարագաներուն։
Աւելցնենք, որ եկեղեցական արարողութիւնները կը շարունակուին դռնփակ, իսկ Գամիշլիի շուկաներն ու գործատեղիները փակ կը մնան, բացի փուռերէն, նպարավաճառներէն եւ ուտեստեղէնի խանութներէն։
Ինչպէս Սուրիոյ բոլոր նահանգները, Գամիշլին եւս տնտեսական ծանր պայմաններ կը դիմագրաւէ։

Յանձնախումբը իր գործը պիտի շարունակէ մինչեւ տագնապի աւարտը։

Գամիշլի, 29 Մարտ 2020