«Արմէնփրէս».- ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոն 31 Մարտին կոչ ուղղած է ընդլայնելու ԱՄՆ-ի զինուորական օգնութիւնը Հայաստանին եւ անյապաղ դադրեցնել Ատրպէյճանի ռազմական օգնութիւնը` Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի վարչակարգին շարունակական գրոհներուն պատճառով:
«Միացեալ Նահանգները պէտք է անյապաղ դադարեցնէ ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին այնքան ժամանակ, մինչեւ այդ երկրի կառավարութիւնը դադրեցնէ իր յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, համաձայնի տարածաշրջանային հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման եւ ապացուցէ, որ դադրեցուցած է մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը»,յայտարարած է Փալոն` Ներկայացուցիչներու պալատի զինուած ծառայութիւններու յանձնաժողովին ունեցած իր ելոյթին:
Ան նաեւ նշած է, որ պէտք է ձգտին աւելի աջակցող ազդակ ուղարկել տարածաշրջանային այն գործընկերներուն, որոնք, ինչպէս Հայաստանը, կ’ապրին ժողովրդավարական փոխակերպումներ` անոնց հետ ուժեղացնելով ռազմավարական գործակցութիւնը:
Հայ Դատի Յանձնախմբի (ANCA) գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փալոնին իր առողջնորդութեան համար, որ ցուցաբերած է Ատրպէյճանին ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը դադրեցնելու հարցին մէջ: Այդ օգնութիւնը միայն հզօրացուցած եւ ոգեշնչած է Ատրպէյճանը խթանելու իր արարքը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: