Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2020-ի երեկոյեան, Գամիշլիի ակումբի տղաքը հացի մատակարարման աշխատանք սկսան, օգնելու յատկապէս տարեցներուն, առողջական հարցեր ունեցողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ներկայ պայմաններուն բերումով կարելիութիւն չունին իրենց տուներէն դուրս ելլելու։

Աշխատանքը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ։