«Արմէնփրէս».- ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան 20 Ապրիլին տեսաժողով  կատարեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆերի (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրչիքի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները: ԱԳ նախարար Մնացականեան անդրադարձ կատարած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած  համապետական ընտրութիւններուն:

«Կողմերը ընդգծեցին պսակաձեւ ժահրի դէմ համաշխարհային պայքարով հրադադարի  անվերապահ պահպանման հրամայականը:

Կարծիքներ փոխանակուեցան ստեղծուած պայմաններուն մէջ աշխատանքներու շարունակականութեան ապահովման քայլերու ուղղութեամբ: 21 Ապրիլին համաձայնութեան հասած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու տեսաժողովը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբՀՀ արտաքին գործերի նախարար Զոհրաբ Մնացականեան, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամտեարով եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները միատեղ յայտարարութիւն  ընդունած են։

Այս տեսակէտէն մեկնելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները կարեւոր համարեցին իրենց յայտարարութիւնը եւ ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարի համաշխարհային զինադադարի կոչը:

Նորայր Շողիկեան