Հալէպի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ ծաղկեմատոյց տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան:
Պատարագին ներկայ էին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Հալէպի մարդասիրական առաքելութեան խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայազգի ներկայացուցիչ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ներյայացուցիչ Հրաչ Յակոբեան, սուրիահայ երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուղղեց իր պատգամը, բնաբան ունենալով Եզեկիէլ մարգարէի հետեւեալ խօսքը. «Ահա ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ եւ պիտի կենդանանաք», նշելով, որ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան Հայոց Ցեղասպանութեամբ հայ ժողովուրդը կրեց ամենամեծ կորուստը, սակայն
չընկըրկեցաւ, այլ պայքարեցաւ, որպէսզի ապահով կեանք մը ապրի հայրենի իր հողերուն վրայ: «Մեր դարաւոր թշնամին փորձեց թաղել հայուն ծրագիրը, որն էր կերտել ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստան, որուն համար հայ ժողովուրդը կրեց կեանքի այդ դառն ճանապարհը»: Աւելցնելով Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Թշնամիին երազը չիրականացաւ: Տէր Զօրի անապատը ազատութիւն գոչեց եւ մարգարէին բառերով հայ ժողովուրդը Տէր Զօրէն յարութիւն առաւ եւ վերակենդանացաւ»:
Մասիս եպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ 24 Ապրիլը այն օրն է, երբ մեր ժողովուրդը իր արիւնով հաւաքական ուխտ կնքեց՝ հաւատարիմ մնալու իր հայրենիքին, քրիստոնէական հաւատքին եւ մեր ազգային պահանջատիրութեան:
Աւելին, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ այսօր Հայաստանն ու սփիւռքը երախտագիտութեամբ կը դիմեն բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յատկապէս մենք սուրիահայերս կը դիմենք սուրիական պետութեան, որ իր սիրտն ու հայրենիքը բացաւ մեր առջեւ եւ իր հացէն բաժին տուաւ հայ ժողովուրդին, խոր համոզումով Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ դատապարտեց, որուն համար մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք սուրիական պետութեան եւ անոր վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին, սուրիական կառավարութեան խորհրդարանին եւ ժողովուրդին:
Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ սուրիահայերս յաւերժ հաւատարիմ զինուորներն ենք սուրիական հանրապետութեան եւ պատրաստ ենք մեր արիւնը նուիրաբերելու անոր ամբողջականութիւնը եւ ազատութիւնը պաշտպանելու համար:

Հանդիսաւոր թափօրով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր դպրաց դասի անդամները մատուցեցին շարականներ, ապա ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Այնուհետեւ, կազմակերպութեամբ՝ Հայ Երիտասարդաց Միութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց։

ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբէն եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեանի փողի նուագակցութեամբ, ծաղկեպսակներ զետեղեցին սուրիահայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, Հալէպի մարդասիրական առաքելութեան խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, Սուրիահայ երեք կազմակերպութիւնները, Սուրիոյ խորհրդարանի Հայազգի երեսփոխանը, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, ՀԲԸՄ-ը, ՍՕԽ-ը, ՀՄԸՄ-ը, Համազգայինը, Նոր Սերունդ Մշկթ. Միութիւնը, ՀՄՄ-ը եւ Թէքէեան Մշկթ. Միութիւնը: