ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ԱԶԳԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿ» ԱՌՑԱՆՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
ՖԻՏԷ-ի մամլոյ էջը յայտարարեց, որ Հայաստանի ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան պիտի մասնակցի ՖԻՏԷ-ի եւ Chess.com-ի կողմէ կազմակերպուած «Ազգերու Բաժակ» առցանց  մրցաշարքին:  Մրցաշարքին կը մասնակցին 6 հաւաքականներ. Եւրոպայի հաւաքականը, ԱՄՆ-ի հաւաքականը, Ռուսիոյ հաւաքականը, Չինաստանի հաւաքականը, Հնդկաստանի հաւաքականն ու «Միջազգային Միացեալ» հաւաքականը: Լեւոն Արոնեան մաս պիտի կազմէ Եւրոպայի հաւաքականին, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Մաքսիմ Վաշիէ-Լագրաւը (Ֆրանսա), Անիշ Գիրին (Հոլանտա), Աննա Մուզիչուկը (Ուքրանիա), Եան-Կշիշտոֆ Թութան (Լեհաստան), Նանա Ձագնիձէն (Վրաստան) եւ  աւագ Կարի Գասպարովը (Ռուսիա):  Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 5-10 Մայիսին: Աւելցնենք, որ իր կնոջ՝ Արիանա Քաոյիլիէի ողբերգական մահէն ետք, այս առաջին անգամն է, որ Արոնեան պիտի մասնակցի ճատրակի մրցաշարքի: Վերջերս ան փափաք չյայտնեց մասնակցելու  Magnus Carlsen Invitational առցանց  մրցաշարքին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՆԷՅՄԱՐ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ ՄԷՋ Է
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի  նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէուն անձամբ հետաքրքրուած  է Փարիզ Սան Ժերմանի յարձակողական խաղացող Նէյմարի տեղափոխութեամբ: Սպանական  Marca-ն գրեց, որ Փարթոմէուն կը հաւատայ, որ Նէյմարի տեղափոխութիւնը կարելի է այս տարեշրջանին իրագործել, որովհետեւ ըստ նախագահին, ակումբը այս  տարի կրնայ ձեռք բերել Չեմփիընզ Լիկի կոչումը, եւ այս մէկը մեծ նպաստ պիտի բերէ Նէյմարի տեղափոխութեան:  Ամիսներ առաջ շրջանառուած տարաձայնութիւններուն համաձայն, Պարսելոնայի ղեկավարները Նէյմարին խոստացած են վերադարձնել քաթալոնական ակումբ: Յիշենք, որ պրազիլցի խաղացողը 2017-ին հեռացաւ Պարսելոնայէն եւ միացաւ ֆրանսական ակումբին, բայց իր նոր խումբին մէջ ան կազմի մնացեալ խաղացողներուն հետ բազմաթիւ հարցեր ունեցաւ:
ԹՈԹԵՆՀԱՄԸ Կ’ՈՒԶԷ ՌԱՔԻԹԻՉԸ
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի եւ Խրուաթիոյ հաւաքականի կիսապաշտպան Իվան Ռաքիթիչը յաջորդ մրցաշրջանին կրնայ ներկայանալ անգլիական Թոթենհամ խումբի կազմին հետ: 32-ամեայ ֆութպոլիստին վաստակով հետաքրքրուած է փորթուկալցի մարզիչ Ժոզէ Մորինիօն: Այս տեղեկութիւններուն անդրադարձաւ Mundo Deportivo-ն: Քաթալոնական  ակումբին տեղափոխութիւններուն նպատակներէն մէկն ալ անգլիական ակումբին ֆրանսացի կիսապաշտպան Թանկույ Նտոմփելէն ներգրաւելն է:
Ռաքիթիչին ձեռք բերելու ցանկութիւն ունին նաեւ Իւվէնթուսը, Նափոլին  եւ Աթլեթիքօն: Վերջին շրջանին Պարսելոնայի պատասխանատուները տարբեր առիթներով յայտնեցին, որ յաջորդ տարեշրջանին Ռաքիթիչ զանց պիտի առնուի կազմէն: Անոր խումբին հետ պայմանագրութիւնը վերջ կը գտնէ 2021-ին:
ՖԻՖԱ-Ն ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ՏՐԱՄԱԴՐԱԾ Է ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ  ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆՆԵՐՈՒՆ
Միջազգային Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը (դաշնութիւնը) ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրին պատճառով երկիրներ ենթարկուած են նիւթական մեծ վնասներու, որուն համար միջազգային դաշնութիւնը որոշած է երկիրներո դաշնութիւններուն տրամադրել 150 միլիոն ամ. տոլար: Ըստ «Ռոյթըրզ»ին, ՖԻՖԱ-ն իր այս որոշումով նիւթական պիտի յատկացնէ համաշխարհային գործող 211 ֆութպոլի ֆետերասիոններու, որոնց մէջ են նաեւ Սուրիան եւ Հայաստանը: ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ժիանի Ինվանթինօ ըսաւ, որ պսակաձեւ ժահրին հետեւանքով երկիրներ կրեցին մեծ վնասներ, իսկ ակումբներ ստիպուեցան նուազեցնել իրենց խաղացողներուն ամսականները: Նման պարագաներու մեր պարտականութիւնն է օգտակար դառնալ երկիրներուն:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան