«Ապառաժ».- Հայկական երկու պետութիւններու ռազմական գործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագիրին համար 1-2 Մայիս աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակին այցելեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: Արցախի Հանրապետութեան իր պաշտօնակից, զօրավար Ճալալ Յարութիւնեանի ուղեկցութեամբ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը  հիւսիսային ու կեդրոնական ուղղութեամբ գործող  շարք մը զօրամասեր ուղղուեցաւ, այցելեց զօրքի տարբեր վայրեր, հանդիպումներ ունեցաւ սպայական, պայմանագրային ու ժամկէտային կազմի զինուորականներուն հետ: Աշխատանքային շրջայցի ընթացքին արծարծուող հիմնական նիւթերէն եղան անձնակազմի ծառայողական ու ընկերային-կենցաղային պայմաններու բարելաւման հարցերը, մարտական ու բարոյահոգեբանական պատրաստութեան, սպառազինութեան ու ռազմական ճարտարագիտութեան արդիւնաւէտ կիրառման, արդիականացման եւ թիկունքային ապահովման համալիր հարցերը:

Դաւիթ Տօնոյեան բարձր  գնահատեց երկու հայկական պետութիւններուն ռազմական գործակցութեան արդի մակարդակն ու յատկապէս այն բոլոր նախաձեռնութիւններու որակական ցուցանիշները, որոնք Պաշտպանութեան Բանակէն ներս կ’իրագործուին:

Աշխատանքային շրջայցի ընթացքին ճշդուեցան նաեւ հետագայ ծրագրային ուղղութիւնները, որոնք յառաջիկային պէտք է  ռազմական գործակցութեան օրակարգի հիմքով կատարուին:

Արցախի Հանրապետութեան Պանշտպանութեան Նախարարութեան Մամուլի Ծառայութիւն