«ՊՈԱԿ».- Սուրիոյ մէջ ՀՀ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող 4-րդ խումբի ականազերծները Ապրիլին ականազերծած են 5041 քառակուսի մեթր ականապատ տարածք, որուն ընթացքին յայտնաբերուած են 16 հատ ՊՄՆ-2 տեսակի հակահետեւակային ականներ: Առաքելութեան առաջին  օրուընէ ականազերծուած է ընդհանուր 152,738 քառակուսի մեթր: 4-րդ խումբի բժիշկները Ապրիլին պսակաձեւ ժահրի սահմանափակումներով պայմանաւորուած բուժօգնութիւն  ցուցաբերած են թիւով 144 տեղաբնակներու: Այսպիսով, ՀՀ մարդասիրական խումբը 2019 թուականի Փետրուարէն մինչեւ այսօր ընդհանուր 12035 հիւանդներու բուժօգնութիւն ցուցաբերած է: Այս ընթացքին Հալէպի բուժ հաստատութիւններուն փոխանցուած են բժշկական գոյքեր եւ մեծ քանակութեամբ դեղորայք: Ինչպէս նաեւ` ՊՈԱԿ փորձագիտական կեդրոնի կողմէն ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան մէկ մասը տրուած է Հայ համայնքին պատկանող մանկատան:
Հալեպի Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսութեան հետ գործակցութեամբ 12 Ապրիլին ՀՀ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբը Հալէպի զինուորական հիւանդանոցին եւ այլ բժշկական հաստատութիւններուն փոխանցած է բժշկական սպասներ: Բժշկական կեդրոններու ղեկավարները իրենց երախտագիտութիւնը  յայտնած են հայ բժիշկներուն տրամադրուած բժշկական գոյքերուն եւ ցուցաբերուող ամէնօրեայ օժանդակութեան համար: Հալէպի զինուորական հիւանդանոցի պետ, զօրավար Ֆայէզ ալ Այուպի բարձր  գնահատած է հայ եւ սուրիացի բժիշկներուն միատեղ ջանքերը, նուիրական աշխատանքը, մասնագիտական բարձր յատկանիշները, ոչ միայն պատերազմի հետեւանքով տուժածներուն բուժօգնութեան ցուցաբերումը, այլեւ` միատեղ ուժերով  որեւէ տեսակ վտանգի դէմ պայքարելու պատրաստակամութիւնը:
Զօրավարը դիտել տուած է, որ հայ գործընկերները հաւատարիմ են մարդասիրութեան վեհ սկզբունքներուն եւ ամէն օր մասնագիտական մօտեցումով օգնութիւն կը ցուցաբերեն Սուրիոյ ազգաբնակչութեան: Սուրիոյ ժողովուրդը կը գնահատէ, որ հայերը այս դժուար իրավիճակին իրենց կողքին են:
Հիւանդանոցի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ մարդասիրական խումբին, Հալէպի ՀՀ հիւպատոսութեան եւ իշխանութիւններուն մշտական աջակցութեան համար:
Միեւնոյն ընթացքին, 19 Ապրիլին Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի մասնագէտները Հալէպի ազգային պատսպարանի ՀԱՅ Ծերանոց-ին եւ Հայ համայնքի մանկատան փոխանցած են «Մի բուռ ժպիտ» խորագիրը գործունէութեան հաւաքուած նուէրները: