«Երկիր».- ԱՄն-ի եւ Ֆրանսայի  շարք մը բժշկական դարմանատուներու ազգութեամբ հայ բժիշկները Zoom հարթակի միջոցով Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան «Հանրապետական Բժշկական Կեդրոնի» բժշկական անձնակազմին համար նոր COVID-19-ի  հիւանդներուն բուժման առնչուող խորհրդատուութիւն կատարած են:

Ոլորտի պատասխանատուներու փոխանցումով` հեռավար խորհրդատուութիւնը արդիւնաւէտ էր, որովհետեւ հանգամանօրէն քննարկուած են COVID-19-ի կանխարգիլման ու բուժման ուղղուած հարցեր: