Երկիւշաբթի, 4 Մայիս 2020-ին տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ գիշերուան ժամը 10։32-ին, Իսրայէլ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Հալէպի արեւելեան բաժինը գտնուող զինուորական գիտահետազօտական կեդրոնին ուղղութեամբ։ Աղբիւրը յայտնեց, որ սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն, վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։